ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մե-դիա».– Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ Հայաստանի ազգային հերոս Կարէն Դէմիրճեանի ծննդեան օրուան առիթով կայացած յիշատակի արարողութեան ընթացքին 17 Ապրիլին իրարու հանդիպած են Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը:
«emedia.am»ն գրած է, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան նախ եկած է առանձին՝ յարգանքի տուրք մատուցել Կարէն Դէմիրճեանի շիրիմին, ապա մօտեցած եւ ողջունած է ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որ այդ պահուն ՀԱԿ կուսակցութեան անդամներու եւ համախոհներու հետ կանգնած էր քիչ մը աւելի հեռու՝ առանձին:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, որ Կարէն Դէմիրճեան ազգային հերոս է, եւ այդ հանգամանքը արդէն ամէն ինչ կը բացատրէ:
«Բոլորիս նման իր թերութիւններն ունեցել է, բայց ինքը հսկայ թռիչքի տէր մարդ է եղել: Մենք բոլորս պէտք է յարգենք նրա յիշատակը», հաստատած է Յովհաննէսեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.