ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 17 Ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա։ Նոյն օրը տեղի ունեցած է երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպում:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Ս. Օհանեանը եւ իր ռուս պաշտօնակիցը՝ Սերկէյ Շոյկունը քննարկած են ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրները եւ հեռանկարները, կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերող կարգ մը արդիական հարցերու մասին, անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման փոխգործակցութեան ուղղութիւններուն եւ հեռանկարներուն:
Զրուցակիցները լուսարձակի տակ առած են երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման դրական միտումները եւ հետագայ զարգացման երկկողմանի տրամադրութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.