ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի եւ Արցախի ճամբորդական ուղեցոյցներ հրատարակած հեղինակ-լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի եւ լուսանկարիչ Ռապըրթ Քիւրքճեանի նորագոյն հրատարակութեան՝ «The Stone Garden Travel Guide: Armenia and Karabakh»ի ի պատիւ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 4ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ներկայութեամբ մօտաւորապէս 50 հոգիի:
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան դրուատեց հատորը՝ զայն միջազգային չափանիշով ճամբորդական ուղեցոյց մը նկատելով:
Հիւրասիրութիւնը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ պաշտօնապէս փակելու գիրքին մէջ լոյս տեսած լուսանկարներու մէկ մասին լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր հիւպատոսարանին մէջ:
320 էջնոց հատորը, որ պատրաստուած է նորագոյն տեղեկութիւններու հիման վրայ, կը ներառէ 27 գունաւոր քարտէսներ եւ աւելի քան 140 լուսանկարներ: Այս հատորով հեղինակները շեշտը կը դնեն Հայաստանի կենսոլորտի պաշտպանութեան աշխատանքին վրայ: Անկէ որոշ էջեր կարելի է տեսնել՝ այցելելով www.ArmeniaTravelGuide.com կայքը: