
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն, եթէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը օրհնէ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ հակաքրիստոնէական արարք: Րաֆֆի Յովհաննէսեան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Կայանի լրագրող Սարգիս Յարութիւնեանի համաձայն, Յովհաննէսեան կոչ ուղղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին՝ զերծ մնալու նման քայլէ։
«Սուտ երդումը՝ կեղծ երդումը, դա ոչ միայն հակասահմանադրական է՝ առաջին հերթին որպէս քաղաքացիներ, բայց նաեւ կեղծ երդումը նոյն քրիստոնէութեան արգելուած վարք է», Կիրակի օր «Ազատութեան» յայտնած է ան՝ շարունակելով. «Ես այսօր պատարագի էի եւ լսեցի հէնց պատարագի ժամանակ, խոստովանութեան ժամանակ, որ կեղծ երդումը դա մեղք է»:
Լրագրողը հարցուցած է, թէ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել, եթէ իշխանութիւնները իր ներկայացուցած պահանջները չկատարեն, եւ 9 Ապրիլին Սերժ Սարգսեան երդմնակալութիւն կատարէ ու երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի նախագահի պարտականութիւնները ստանձնէ։ Յովհաննէսեան յայտնած է. «Նոր Հայաստանի հռչակումը եւ այդ հաւաքական երդմնակալութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Ազատութեան հրապարակում Ապրիլի 9ին ժամը 12ին, շատ աւելի ամբողջական, հատու, համապարփակ եւ համազգային է լինելու, քան թէ առանձին վերցրած կեղծ երդում, որ տեղի կ՛ունենայ որեւէ այլ տեղ: Եւ դրանից բխող բոլոր հետեւանքներով, կարող եմ ասել, որ այդ պայքարը կը շարունակուի, եւ ով կեղծ երդում տուեց՝ ինքը լինելու է Սահմանադրութիւնից, օրէնքից դուրս, եւ ինքը պիտի իրաւունք չունենայ խօսելու Սահմանադրութեան չակերտեալ բռնազաւթման, չգիտեմ, այլ նման որակումների մասին, որովհետեւ ով Փետրուարի 18ին գողացաւ ժողովրդի քուէն եւ ընտրութիւնը, եւ ազգը եւ պետութիւնը գիտակցում է դա՝ բոլորս միասին, ինքն է, որ օրէնքից դուրս է»:
«Եւ ես կարծում եմ, որ մենք պիտի շարունակենք ինչպէս որ միշտ եղել է՝ ոչ միայն Բարեւի յեղափոխութեամբ, այլ հանդարտ, սահմանադրական, խաղաղ ճանապարհով այնպէս անել, որ հասկանանք, որ ի վերջոյ մենք պիտի ունենանք մի նախագահութիւն՝ դէ իւրէ, վերջապէս, որը վայելում է ժողովրդի վստահութիւնը», յայտարարած է Յովհաննէսեան։ Ան աւելցուցած է. «Իսկ ներկայ դրութեամբ այս իշխանութիւնը, այս գործող նախագահութիւնը, եթէ անգամ ինքը զօռի, մէկ-երկու, մի քանի ամիս ինքը դէ ֆակտօ շարունակի իր գոյութիւնը, ինքը փաստօրէն ներկայացնելու է մի ժողովրդի, մի ազգի, որը իրեն չի ճանաչում: Դրա համար ինքը թող մտածի»: