ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան թռիչքներու կասեցումէն ետք սղած են օդանաւային տոմսերը: Այս հաստատումը կատարած են զբօսաշրջային գործակալութիւնները: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Սիտոն թրեվըլ», «Նաթա թուր», «Ապուասեպուք» գործակալութիւններու ներկայացուցիչները՝ նշելով, որ օդանաւային տոմսերուն գիները սղած են աւելի քան 20 հազար դրամով: Օրինակ, Տուպայի տոմսի արժէքը նախկին 140 հազար դրամի փոխարէն այժմ 170 հազար է, Մոսկուայի տոմսերուն գինը 103 հազար դրամէն բարձրացած է 130 հազարի: Զբօսաշրջային գործակալութիւնները կ՛ենթադրեն, որ տոմսերուն սղիլը առնչուած է «Արմաւիա» ընկերութեան թռիչքներու դադարեցման եւ սնանկացման գործընթացին հետ: Զբօսաշրջային գործակալութիւնները չեն բացառած, որ օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու թիւի յաւելումով գիները վերադառնան իրենց նախկին վիճակին։
Օդանաւային տոմսերու սղիլը «Արմաւիա»ին պարզած կացութեան չի կապեր «Աւիատրանս» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Աչոյեանը: «Բանն այն է, որ ոլորտում գոյութիւն ունի սակագնային ցանցային սխեմա, որը իւրաքանչիւր տարի սեզոնային փոփոխութեան է ենթարկւում եւ տուեալ սեզոնից առաջ մտնում է համակարգ», նշած է Աչոյեանը:
Մինչդեռ, Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ տոմսերու գիներու բարձրացումը նախատեսուած չէր: «Արմաւիա» աւիաընկերութեան հետ կապուած խնդիրները աւիատոմսերի արժէքի թանկացման հետ առնչութիւն չունեն», հաստատած է վարչութեան մամլոյ քարտուղար Նելլի Չերչինեանը:
Տոմսերու սղութեան գծով տակաւին բողոք չէ ստացած նաեւ Հայաստանի տնտեսական մր-ցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողով, որ այս իմաստով դիտարկում չէ կատարած: «Եթէ լինեն դժգոհութիւններ անհատներից կամ՝ հրապարակում լրատուամիջոցում, ապա յանձնաժողովը կը սկսի մոնիթորինգներ եւ կը յարուցի վարոյթ», դիտել տուած է յանձնաժողովի մամլոյ քարտուղար Գայիանէ Սահակեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.