ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– 2 Ապրիլին սկսած է Մանկական գրականութեան շաբաթը:
«Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ՝ տօնը ներմուծուել է նաեւ Հայաստան, սակայն անկախութիւնից յետոյ մոռացութեան էր մատնուել: Այն վերականգնուել է 2002ից», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը:
Տօնը սովորաբար կը նշուի 6 Մարտին, սակայն այս տարի դպրոցական արձակուրդներու պատճառով անիկա մեկնարկած է 2 Ապրիլին, իսկ բացումը տեղի պիտի ունենայ Գաւառի մշակոյթի պալատին մէջ:
«Չենք ուզում ամէն ինչ կենտրոնացնել Երեւանում: Այսօր Գաւառ կը մեկնեն մանկագիրներ Սուրէն Մուրադեանը, Լիպարիտ Սարգսեանը, Էդուարդ Միլիտոնեանը, Երուանդ Պետրոսեանը եւ Անոյշ Վարդանեանը», նշած է Լ. Անանեանը:
Տօնական շաբաթուան ընթացքին Խնկօ Ապոր անուան գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում բանաստեղծ Ռուզան Ասատրեանի հետ, Աւետիք Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանին մէջ պիտի կայանայ Մկրտիչ Կորիւնի ծննդեան 100ամեակի եւ Խաժակ Գիւլնազարեանի 95ամեակի տօնակատարութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.