
ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Հայոց թեմի տարածքին գտնուող պատմական սրբավայրերու եւ եկեղեցիներու հետազօտական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, իր ընկերակիցներուն հետ, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 20ի առաւօտ, հասաւ Սալմաստ գաւառի Սառնա գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:
Ստորեւ կը ներկայացնենք թեմակալ առաջնորդի տեղագրական ու ազգագրական ամփոփ ուսումնասիրութիւնը, իր գրիչով.
«Սառնա գիւղի ծանօթ հայոց Ս. Յովհաննէս (Մարիխնա) եկեղեցւոյ դրան առաջ կանգնած, գիւղացի պատահական անցորդէն իմացանք գիւղի արեւելեան կողմը, այգիներուն մէջ գտնուող եկեղեցւոյ աւերակներուն մասին: Ան մեզ տարաւ առուներու եւ խնձորենիներու մէջէն, ուր մեր դիմաց տեսանք քարաշէն, բերդանման եկեղեցին, որ Ազգային առաջնորդարանիս մատեաններուն մէջ յիշուած է Ս. Աստուածածին անունով:
6.5 մեթր բարձրութիւն ունեցող թաղակապ եկեղեցին, քարերով հիւսուած վեց հաստաբուն սիւներու վրայ կանգնած է եղած, որոնցմէ երկուքը խորանի կամարի երկու կողմերուն, իսկ մնացած չորսը կեդրոնական գմբէթը պահելու նպատակով զետեղուած: Դեղին քարերով եւ տեղ-տեղ՝ լուսամուտներու կամարներուն համար, Սալմաստի սեւ պազալթ օգտագործելով, սոյն եկեղեցին կառուցուած է 1625 թուին, համաձայն արխիւին մէջ արձանագրուած տեղեկութեան:
Հիւսիսային պատը մեծ մասամբ կանգուն ըլլալով, կարելի է ենթադրել եկեղեցւոյ երկայնքը, որ մօտ 15 մեթր է, իսկ լայնքը՝ 10: Հարաւային պատը մեծ մասամբ փուլ եկած է, իսկ տանիքը՝ ամբողջութեամբ: Հիւսիս-արեւելեան պատին մէջ, վերէն վար, ինչպէս նաեւ Արեւելեան ճակատի կեդրոնը, մեծ ճաքեր յառաջացած են անձրեւներու պատճառով: Խորանին կիսակամարը, կողքի երկու տապանակներով, ինչպէս նաեւ աջակողմեան եւ ձախակողմեան աւանդատուները գոյութիւն ունին, 2×2 տարածքով եւ 2 մեթր բարձրութեամբ, որոնց մուտքերը գրեթէ փակուած են տանիքէն թափուած քարերու եւ հողի կոյտերէն, թէեւ նախապէս ալ երկու աստիճաններով իջանելի խորութիւն ունեցած են: Աւանդատուները արեւելեան կողմէն փոքր լուսամուտներ ունին, մէկ լուսամուտ ալ կայ խորանի կիսակամարին վերը, իսկ աւելի մեծը՝ հարաւային պատին վերեւ, որուն նմանները նոյն շարքին վրայ հաւանաբար կային անցեալին: Եկեղեցին հաւանաբար կը լուսաւորուէր նաեւ գմբէթի կողերուն բացուած լուսամուտներէն:
Եկեղեցւոյ կանգուն պատերուն կամ փուլ եկած քարերուն վրայ արձանագրութիւններու չհանդիպեցանք, սակայն մայր դրան մուտքի տեղին աջ կողմը տակաւին կանգուն է գեղակերտ խաչքար մը, կամարաձեւ գլուխով, սեւ պազալթէ: Կան նաեւ մաքուր արձանագրութիւններով մի քանի տապանաքարեր, որոնք հարազատներ են իրարու: Հաւանաբար 1800ական թուականներուն, եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նիւթապէս օժանդակող բարերարի զաւակներուն շիրմաքարերն են, որովհետեւ այլ տապանաքարեր չկան շրջանին մէջ, ո՛չ ալ գերեզմանատուն: Տէր Ստեփանեանց գերդաստանի ննջեցեալներ են անոնք: Երանուհի եւ Արտաշէս Տէր Ստեփանեանցները այնտեղ թաղուած են, երկուքն ալ զաւակները Ղազարի, առաջինը մահացած 26 Փետրուար 1877ին, իսկ երկրորդը՝ նոյն տարուան Ապրիլ 3ին:
Մէկ այլ նշանաւոր անձնաւորութեան տապանաքարը կայ այնտեղ, բաւական մեծ՝ 2×1 մեթր տրամագիծով եւ մէկ մեթր բարձրութեամբ, միակտուր սեւ պազալթէ, որուն վրայ կայ ձիաւորի քանդակ, ինչպէս նաեւ գինիի բաժակ եւ սափոր: Անոր մահը մեծ սուգի մատնած է ժողովուրդը, ինչպէս ըսուած է արձանագրութեան մէջ. «ԱՍՏ ՆՆՋԷ ՄԱՐՄԻՆ ՍԱՀԱԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՈՐ ՀԱՆԳԵԱՒ/ Ի ՏԷՐ 70ԱՄԵԱՅ ՀԱՍԱԿԱՒ ԹՎԻՆ 1901 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ 1ԻՆ ԹՈՂ/ԵԼՈՎ Ի ՄԵԾ ՍՈՒԳ ԱԶԳԱՅԻՆՍ ԻՒՐ»: Մեր կարծիքով նշանաւոր գիւղապետ եղած կրնայ ըլլալ յիշեալ Սահակը, որուն մասին ցարդ տեղեկութիւններ չենք գտած մեր արխիւներուն մէջ:
Եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան աշխոյժ կեանքին մասին կը վկայէ նաեւ հիւսիսային պատի դուրսի կողմը գտնուող ձիթահան կամ ալրաղաց կլոր հսկայ միակտուր քարը, մէջտեղը զայն դարձնող գործիքին յատուկ 30×30 սմ. ծակով, որ եկեղեցւոյ կրօնական պաշտամունքի խնկաբոյր յիշատակներու կողքին, ազգային-գեղջկական կեանքի քաղցր յուշ է, Սառնա գիւղէն մեզի հասած»:
Յայտնենք, որ Ատրպատականի հայոց թեմի տարածքին գտնուող բազմաթիւ կանգուն եւ խոնարհած եկեղեցիներու հետազօտական ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին թեմակալ առաջնորդի գլխաւորութեամբ: Զանոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն սեփականութիւնը պիտի դարձնենք հերթականութեամբ եւ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ: