ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանի մէջ Լիթուանիոյ դեսպան Արթուրաս Եուրուասքուսը կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր այդ երկրի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը բողոքի գիր յանձնած է դեսպանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ ստեղծուելուն առնչութեամբ:
Վկայակոչելով ատրպէյճանական «avropa.az» լրատուական կայքէջը՝ «Արմէնփրէս» նշած է, որ անհանգստութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնելով այդ առնչութեամբ՝ Խալաֆովը Լիթուանիոյ խորհրդարանին այդ քայլը «ոչ միայն Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան, այլեւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում» նկատած է:
«Ատրպէյճան այդ քայլը դիտարկած է որպէս տարածքային ամբողջականութեան, երկրի ինքնիշխանութեան խախտում, անարգանք՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ», յայտնած է ան:
Ըստ կայքէջին, լիթուանացի դեսպանը նշած է, որ իբր թէ «քանի մը պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնը չ՛արտացոլացներ Լիթուանիոյ խորհրդարանի եւ կառավարութեան դիրքորոշումը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.