
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ 1-3 Ապրիլին պիտի կայանայ Հայաստանի սամպոյի տղամարդոց 2013ի ախոյեանութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի ուժեղագոյն մարզիկները: Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնը նման կարգի մարզական նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպէ յաճախակիօրէն՝ նպատակ ունենալով խթանել սամպոյի աւելի տարածումն ու հանրահռչակումը: