
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 17 Մարտին սիրուած աշխարհահռչակ երգիչ Խուլիօ Իկլեսիաս մամլոյ ասուլիս մը տուած է Երեւանի մէջ եւ յայտարարած, որ Շարլ Ազնաւուրը իր վաղեմի մտերիմ ընկերն է, անոր հետ բազմաթիւ զուգերգներ կատարած է եւ զայն կը նկատէ իր աւագ եղբայրը։ Ան նշած է, որ թէեւ ասիկա Հայաստան տուած իր առաջին այցելութիւնն է, սակայն այս այցելութեամբ չէ, որ ինք պիտի ճանչնայ Հայաստանը։ Ըստ անոր, հազար-երկու հազար տարիէ ի վեր իր հոգւոյն երկիրը՝ Սպանիան, սերտ կապեր ունի Հայաստանի հետ:
«Մեր հնչիւնը, լեզուն մեծ նմանութիւն ունի հայերէնին հետ: Վերջին քառասունհինգ տարիներուն ընթացքին ճանչցած եմ հազարաւոր հայեր, որոնք իրենց մշակոյթը կը փոխանցեն աշխարհին: Այդ իսկ պատճառով իմ այցելութիւնս ոչ թէ օտար մարդու այցելութիւն է Հայաստան, այլ՝ հարազատի մը», նշած է երգիչը:
Ըստ անոր, ինք երբեւէ չէ երգած ու չ՛երգեր այնպիսի վայրերու մէջ, որոնք հաճելի չեն իրեն համար, իսկ Հայաստանի մէջ երգելու պատրաստուած է մեծ հաճոյքով։ Ան հաստատած է, որ շատ երջանիկ է Հայաստան գտնուելուն համար՝ մանաւանդ որ այդ հողը իր հարիւրաւոր ընկերներուն հայրենիքն է։
«Հայաստանէն ստացած առաջին տպաւորութիւնս հայերուն հաճելի մարդիկ ըլլալն է: Երբ երէկ ինծի ճամբու դրին Մոսկուայէն, յայտնեցին, որ կ՛երթամ տաք երկիր մը, ոչ թէ այն պատճառով, որ եղանակը տաք է, այլ ժողովուրդին ընդունելութիւնը ջերմ է», ըսած է Իկլեսիաս՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ մարդոց հայեացքները ինքնաբերաբար կ՛արտացոլացնեն բան մը, որ զայն կը յիշեցնէ իր երկիրը եւ այնտեղի արտացոլացումը։