ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճէյմզ Քլեփըրի կարծիքով՝ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթ չեն նկատուիր Ռուսիոյ համար, որուն արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ կեդրոնանալ նախկին խորհրդային երկիրներուն վրայ:
«Մոսկուա իր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնացնէ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ իր ազդեցութիւնը զօրացնելու աշխատանքներուն վրայ», նշած է Քլեփըր՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ համար կարեւոր պիտի մնան:
Ըստ Քլեփըրի՝ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը մօտիկ ապագային պիտի չփոխուի, սակայն ներքաղաքական գործօնները կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ արտաքին քաղաքականութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.