ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այսօր՝ Մարտ 8ը, Կնոջ միջազգային օրն է: Առաջին անգամ այս օրը նշուած է 1909ի Փետրուար 28ին, յետագային՝ Մարտ 8ին:
1909էն ի վեր, ամէն տարի Կնոջ միջազգային օրը բնաբան մը կ՛որդեգրէ: Այս տարուանը հետեւեալն է՝ «Խոստումը խոստում է. ժամանակն է գործի լծուելու՝ վերջ տալու համար կնոջ հանդէպ գործադրուող վայրագութեանց»:
Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշուի խորհրդանշական ցոյցերով, տօնակատարութիւններով, խորհրդաժողովներով՝ փառաբանելու համար կնոջ ձեռք բերած նուաճումները՝ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, բայց նաեւ՝ պահանջելու ցարդ ձեռք չբերուած իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ՝ բարելաւելու աշխարհի բոլոր կիներուն իրավիճակը, յատկապէս՝ զարգացած երկիրներու մէջ:
Մարտ 8ը կարգ մը երկիրներու մէջ կորսնցուցած է իր իմաստը եւ միաձուլուած է Մայրերու օրուան եւ սիրահարներու օրուան հետ: Այս օրը մեծ շուքով կը նշուէր Խորհդային Միութեան ամբողջ տարածքին եւ բնականաբար Հայաստանի մէջ:
Մեր օրերուն, Մարտ 8ը պաշտօնական արձակուրդի օր է շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Քուպայի, Մոլտաւիոյ, Ռուսիոյ, Վիեթնամի, Քամպոտիոյ, Պուրքինայ, Ֆասոյի, Հայաստանի եւ այլն…
Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, Մատակասքարին եւ Նեփալին, Մարտ 8ը աշխատանքային օր չէ միայն կիներուն համար:
Ընդհանրապէս ընդունուած սովորութիւն է Մարտ 8ին ծաղիկ կամ խորհրդանշական բան մը նուիրել կնոջ, մօր, քրոջ կամ աղջկան:
– Իտալիոյ, Ռուսիոյ եւ Ալպանիոյ մէջ սովորութիւն է Մարտ 8ին դեղին միմոզա կամ տուրմ նուիրել կիներուն:
– Պրազիլի, Պուլկարիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Լաթուիոյ մէջ աշակերտները ծաղիկ կը նուիրեն իրենց ուսուցչուհիներուն, իսկ տղամարդիկ՝ ծաղիկ իրենց կին պաշտօնակիցներուն:
(Հայաստանի մէջ Մարտ 8ը ծաղկավաճառներու ամէնէն շահութաբեր օրն է-Խմբ.))
– Փորթուկալի մէջ կիները առանձին կը հաւաքուին եւ կերուխումի խնճոյքներ կը կազմակերպեն:
Մաղթենք, որ Կնոջ միջազգային օրը ձեւական տօնակատարութիւններու սահմաններուն մէջ չմնան, եւ աշխարհի բոլոր կիները տիրանան իրենց իրաւունքներուն: