Միշիկընի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Մարտ 13ին համալսարանի արուեստի թանգարանի «Հելմութ Սթըռն դահիլճին մէջ պիտի կայանայ հանդիպում մը վիպասան, թատերագիր եւ դերասան Էրիկ Պօղոսեանի հետ:
Ըստ այդ առթիւ հրապարակային հաղորդագրութեան՝ Է. Պօղոսեան պիտի պատմէ, թէ ինչպէս Պերլինի մէջ կատարուած Թալէաթ փաշայի ահաբեկման մասին բեմագրութիւն մը գրելու որոշումը յետագային խթան հանդիսացած է, որ ան գրէ Նեմեսիսի վրիժառուներու պատմութիւնը: Ան հինգ տարի է տրամադրած է ուսումնասիրելու համար հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմութիւնը, հարցազրոյցներ ունեցած է յայտնի պատմաբաններու հետ, հայերէնի թարգմանել տալու անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն վաւերագիրներ եւ հետազօտելու բրիտանական արխիւները:
Պօղոսեան վերջերս Պրատուէյի վրայ հանդէս եկած է Լորա Լիննիի հետ Տանըլտ Մարկուլիի «Ժամանակը կանգ կ՛առնէ» թատերախաղին մէջ:
Անոր հեղինակած «Թաք Ռետիօ» (Talk Radio) թատեսրախաղը արժանացած է «Փուլիցըր» մրցանակին, որմէ ետք «Թաք Ռետիօ» թատերախաղին հիմքով բեմադրուած ֆիլմը Պերլինի միջազգային փառատօնին արժանացած է «Արծաթէ արջ» մրցանակի»ն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.