ԵՐԵՒԱՆ, «civilnet.am».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդման շրջագիծին մէջ յայտնած է. «Հանրահաւաքի եկող մարդը պէտք է իմանայ, թէ ինչ պէտք է անի անձամբ ինքը»: Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ կարեւոր է միաւորել ողջ ընդդիմադիր դաշտը, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Աղուան Վարդանեան չբացառեց, որ ՀՅԴն, ՀԱԿը, «Ժառանգութիւն»ն ու ԲՀԿն միասին, միասնական թեկնածուով պիտի շարունակեն պայքարը: «Եթէ ընդդիմութիւնը համագործակցուած աշխատի, ամէն շաբաթը, ամէն օրը կը մօտեցնի մեր յաղթանակը», յայտնած է ան:
Անդրադառնալով իշխանութեան հետ երկխօսութեան նստելու առաջարկին՝ Աղուան Վարդանեան յիշեցուցած է, որ իշխանութիւնը մերժեց յետընտրական այս իրավիճակը քննարկելու համար արտակարգ նիստի առաջարկը: «Սրանից յետոյ ի՞նչն է իշխանութեան կարծիքով ողջամիտը՝ սահմանադրական փոփոխութիւնները քննարկելու յանձնաժողով կազմելը՞. դա ոչ միայն ողջամիտ չէ, այլեւ՝ անլուրջ է», աւելցուց ան։
Անդրադառնալով Արմէն Աշոտեանի այն գրառման, որուն համաձայն, ՀՅԴն միացած է «Ժառանգութեան»՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ, որպէսզի տէր կանգնի ձեռք բերուած յաղթանակին, Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Ինչպէս կ՛ասէր Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, յարգում եմ մարդու կարծիք արտայայտելու իրաւունքը: Բայց, նշենք, որ այդ գրառման մէջ Աշոտեանը բերում է վեց անհիմն տեսակէտ, թէ ինչու ՀՅԴն միացաւ շարժմանը, ու չի ասում եօթներորդը՝ ամենաբնականը»:
Ընտրախախտումները, Աղուան Վարդանեանի համաձայն, եղած են ակնյայտ: «Իմ բազմաթիւ ծանօթներ գնացել են ընտրութեան մի քիչ ուշ ժամի ու տեսել են, որ արդէն քուէարկել է իրենց աղջիկը կամ տղան, ով չէր գնացել ընտրութեան կամ ընդհանրապէս հանրապետութիւնում չէր: Ցուցակները պէտք է հրապարակուեն, դա վերահսկողութեան մեխանիզմ է, որ անհրաժեշտ է», դիտել տուած է ան:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը քաղաքական ամենալուրջ ուժերէն մէկն է, որ մօտիկ ապագային «այն դառնալու է Հայաստանի ամենաազդեցիկ ուժը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ANDARAGUYS.!!!