
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի Ջուրի եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը (GWP), նկատելով, որ զգալիօրէն աւելցած են իրենք զիրենք ընկերութեան պաշտօնեաները ներկայացնելով քաղաքացիներու բնակարաններէն ներս մուտք գործել փորձող խաբեբաներու թիւը՝ կը զգուշացնէ քաղաքացիները, որ շա՛տ ուշադիր ըլլան՝ գողութեանց առաջքը առնելու համար:
Ընկերութիւնը կոչ կ՛ընէ քաղաքի բնակիչներուն, որ որեւէ կասկածի մը պարագային՝ հեռաձայնեն (818) 548-3300 թիւին, հաստատելու համար պաշտօնեային ինքնութիւնը, եւ կը շեշտէ, թէ պէտք է միշտ ստուգել պաշտօնեաներուն՝ ընկերութեան կողմէ տրուած ինքնութեան թուղթը, որուն վրայ պէտք է ըլլայ նաեւ անոնց լուսանկարը: Նաեւ կը շեշտուի, թէ պաշտօնեաները առաւօտեան ժամը 8էն երեկոյեան ժամը 5ի միջեւ միայն բնակարաններ կ՛այցելեն եւ շատ հազուադէպ պարագաներու միայն բնակարաններէ ներս մուտք կը գործեն:
Ընկերութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէ ի հարկին դիմելու քաղաքի ոստիկանութեան՝ (818) 548-4911 թիւով: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.GlendaleWaterAndPower.com կայքը: