ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ սկսած է կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստը: Մինչ այդ կայացած էր ՀՀԿ խորհուրդի նիստ, որուն ներկայ գտնուած են ՀՀԿի 160 անդամները։ Գործադիր Մարմինի նիստին մասնակցած են ՀՀԿ վերնախաւի բոլոր ներկայացուցիչները՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, նախարարներն ու մարզպետները:
Ժողովէն ետք ՀՀԿի խօսնակը տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտնած է, որ ՀՀԿ Գերագոյն մարմինի նիստին ընթացքին քննարկուած են բացառապէս նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Ան դիտել տուած է, որ նիստին ընթացքին անգամ մը եւս արձանագրուած է, որ կայացած նախագահական ընտրութիւնները լաւագոյնն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նորագոյն պատմութեան մէջ: «Չնայած բոլոր թերութիւններին՝ այս ընտրութիւններն իսկապէս լաւագոյնն էին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ», նշած է Շարմազանով՝ ընդգծելով, որ այդ մասին կը վկայեն բոլոր դիտորդական առաքելութիւններու դրական գնահատականները եւ այն հանգամանքը, որ նախագահական ընտրութիւններն ու անոնց նախորդող քարոզարշաւը տեղի ունեցած են առանց անձնական վիրաւորանքներու եւ աւելորդ լարուածութիւններու:
Շարմազանովը յայտնած է նաեւ, որ նիստին ընթացքին մարդուժի փոփոխութեան հարցեր չեն քննարկուած:
Անոր համաձայն, ժողովականները ընդունած են նախագահ Սարգսեանի այն առաջարկը, որուն համաձայն, Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՀԿի ցանկը պիտի գլխաւորէ Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: «Մենք ողջունում ենք նախագահի այս առաջարկը, քանի որ Տարօն Մարգարեանը մինչ այս պահը պարտաճանաչ կերպով կատարել է իր պարտականութիւնները», նշած է ան։
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ ՀՀԿ խորհուրդի նիստին պաշտօնանկութիւններու հարց չէ քննարկուած։ «Որեւէ մէկի պաշտօնանկութեան հարցը չի քննարկուել, քննարկուել են միայն ընտրութիւններին վերաբերող հարցեր», յայտնած է ան։
ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեան՝ պատասխանելով լրագրողներուն հարցումին, թէ որքանով իրականութեան կը համապատասխանեն այն լուրերը, թէ ինք Շիրակի մարզպետ պիտի նշանակուի, նշած է, որ այդպիսի առաջարկ չէ ստացած, սակայն եթէ ըլլայ՝ պիտի մտածէ այդ ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.