ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Քայքայիչ պաշտամունքից տուժածների վերականգնողական եւ օգնութեան կենտրոն»ի նախագահ Ալեքսանդր Ամարեանը յայտնած է. «Խարիզմատիկ եկեղեցուն պատ-կանող «Աստծոյ հարսնացուներ» եւ «Կենդանի հաւատ» աղանդները վերջին ժամանակներում սկսել են ակտիւանալ»: Անոր համաձայն, այս աղանդները դէմ են իշխանութիւններուն եւ կը կարծեն, թէ իշխանութիւնը իրենք են: Անոնք կողմնակից են ազատ սեռային յարաբերութիւններուն: «Կրօնական կազմակերպութիւնները ակտիւօրէն ներքաշուած են մեր քաղաքականութեան մէջ: Նոյնիսկ Հայաստանի նախագահի նախկին թեկնածուներից մէկը աղանդաւորական կառոյցի ներկայացուցիչ է», նշած է Ամարեան՝ աւելցնելով, թէ անոր անունը պիտի հրապարակէ միայն յետընտրական զարգացումներու աւարտէն ետք:
Ան դիտել տուած է, որ կ՛ուզէին աղանդաւոր թեկնածուին անունը հրապարակել նախքան ընտրութիւնները, սակայն այդ մէկը չեն ըրած, որպէսզի հակաքարոզչական բնոյթ չստանայ։
Հայաստանի մէջ արձանագրուած են կրօնական 67 կազմակերպութիւններ: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, չարձանագրուածներուն թիւը կը հասնի 200ի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.