
24 Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Խաչէն գիւղին մէջ տեղի ունեցած է Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը: Սոցիալ-դեմոկրատական գաղափարախօսութիւն եւ ազգային ուղղուածութիւն ունեցող այս քաղաքական ուժի ձեւաւորման գործընթացը սկսած է ամիսներ առաջ, հիմնադիր համագումարը կուսակցութեան վերջնական արձանագրութեան համար անհրաժեշտ քայլերէն է:
Համագումարը հաստատած է կուսակցութեան կանոնադրութիւնը եւ ընդունած կուսակցութեան ծրագիրը, ընտրած ղեկավար եւ վերահսկիչ մարմիններ: Վեց ամիս ետք, երբ կը ստեղծուին կուսակցական տարածքային կառոյցներ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ եւ կուսակցութեան անդամներուն թիւը կը հասնի օրէնքով նախատեսուած թիւին, տեղի պիտի ունենայ նոր համագումար, որ պիտի ընտրէ կուսակցական նոր մարմիններ: