ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Արեւմտեան ԱՄՆի ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինը հրաւիրած էր իր հովանիին տակ գործող յիշեալ վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչակազմերը՝ խորհրդակցական հանդիպումի մը, Շաբաթ, Փետրուար 9, 2013ի կ.ե. ժամը 2ին, ՀՕՄի կեդրոնէն ներս: Մասնակցութիւնը մեծ էր պաշտօնէութեան եւ վարչական ներկայացուցիչներուն:
ՀՕՄի Շբթ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ մանկավարժի սրբազան առաքելութեան՝ հայեցի դաստիարակութեան, եւ հայ մշակոյթի աւանդման կարեւորութիւնը, որուն համար ալ՝ «համեստօրէն թող հպարտ զգան ՀՕՄի Շբթ. վարժարաններու դաստիարակները իրենց միօրեայ աշխատանքովն իսկ թրծած ու թագադրած սերունդներու հայավայել նիստ ու կացով ու գիտելիքներով»:
Այս առթիւ իր խօսքը փոխանցեց ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը: Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄի Շբթ. վարժարաններու տարած յաջողութիւնները գաղութէս ներս, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր շրջանաւարտներուն ներդրումը, որ կը հաստատէ անոնց երախտագիտութիւնը ի տես դարաւոր այս մեծ կազմակերպութեան առաքելութեան:
Գրական շունչով ու բանաստեղծական մէջբերումներով քաջալերանքի իր խօսքը փոխանցեց Շրջ. վարչութեան անդամ Կարինէ Փարիկեան-Սէթեանը՝ ըսելով. «Դո՛ւք՝ մայրեր Հայոց վարժարաններու, ձեր շունչն ու հոգին անսպառ…»:
Հանդիպման ընթացքը ճոխացաւ, երբ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ներկայ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, իրենց նոր ծրագիրներով, առաջարկներով եւ տեսլականներով, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն հայ վարժարաններու վերելքին ու յատկապէս՝ հայ երեխայի պատշաճ դրսեւորման, Սփիւռքի այս օտար ափերուն վրայ:
Սոնա Մատարեան ներկայացուց ու հրաւիրեց օրուան գլխաւոր հիւր բանախօսը՝ դոկտ. Կարօ Մոմճեանը, մասնագիտութեամբ որպէս դաստիարակ, դասախօս, հրապարակախօս, քաղաքական վերլուծաբան եւ խորհրդատու:
Դոկտ. Կարօ Մոմճեան հաղորդական եւ համապարփակ ձեւով ներկայացուց հայ ժողովուրդի իրավիճակը Սփիւռքի տարածքին եւ յատկապէս Ամերիկայի այս օտար ու դժուար պայմաններուն մէջ, ուր հայ լեզուն դժբախտութիւնը կ՛ունենայ դառնալու «երկրորդ լեզու»… Ըստ անոր, յատուկ հոգատարութեամբ եւ գուրգուրանքով պէտք է միաձուլել հայ երեխան իր մայրենի լեզուի առաւել օգտագործման եւ անոր հանդէպ առաւել հետաքրքրութեան հետ՝ պատրաստելով պարզ հայը: Դոկտ. Մոմճեան շեշտեց նաեւ զանազան բարբառներու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ լեզուական եւ ուղղագրական կանոններու աղաւաղումը ժամանակի ու տեղի փոփոխութեան հետ զուգահեռ:
Բանախօսը ՀՕՄի Շբթ. վարժարանները որակեց որպէս կամուրջ հանրային եւ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններուն միջեւ: «Մեծ աշխատանք ունինք կատարելիք ազգովին, պատրաստելու համար ապագայի հայ ուսուցիչները տեղական մակարդակով, նկատի ունենալով վերջերս Միջին Արեւելքի ընկերա-քաղաքական դժուարին պայմանները», ըսաւ ան:
Ներկաներու հարցադրումներուն ու մտահոգութիւններուն տրուած գոհացուցիչ պատասխաններով, դոկտ. Մոմճեան եզրափակեց իր ելոյթը՝ շեշտելով, թէ պէտք է գիտակցինք մեր պայմաններուն եւ ըստ այնմ պահպանենք այս սերունդը, որպէսզի անիկա պարզօրէն սիրէ ու գործածէ Հայերէնը, հարազատօրէն ճանչնայ եւ իւրացնէ զայն:
Ներկաները իրենց գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը փոխանցեցին նման ծրագիրի մը մշակման առթիւ՝ առաջարկելով յաճախակի կերպով ունենալ նման առիթներ՝ ի նպաստ վարժարաններու վերելքին եւ հայկական ծրագիրներէ հեռու մնացած երեխաներու ներգրաւման:
Խնամակալ մարմինին կողմէ մատակարարուած կոկիկ հիւրասիրութեամբ, ներկաները մտերմիկ ընկերային ժամանցով բաժնուեցան սրահէն: