ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անուանի լեզուաբաններն ու գրականագէտները Երեւանի մէջ կը քննարկեն լեզուաքաղաքականութեան արդի խնդիրները՝ համանուն խորագիրով գիտաժողովի ծիրին մէջ: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկին հետ համադրաբար կազմակերպուած գիտաժողովը ընթացք առաւ 21 Փետրուարին՝ «Մայրենիի օրը»: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան յայտարարելով գիտաժողովի սկիզբը՝ խորհրդանշական նկատեց «Մայրենիի օրը» անոր կայացումը: «Մայրենի լեզուի թեման շատ լայն է, որովհետեւ հիմնախնդիրները վերջին երկու-երեք տասնամեակների ընթացքում այնքան են կուտակուել, որ մէկ գիտաժաղովի շրջանակում չեն կարող քննարկուել», յայտնած է Մարտիրոսեան: Անոր համաձայն, լեզուաքաղաքակութեան ձեռքբերումներէն մէկը այն է, որ յաղթահարուած են արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի առնչութիւններու վերաբերեալ խնդիրները:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշած է, թէ պետութեան հիմքը ընտանիքն է, հաւատքը, մշակոյթը եւ լեզուն: «Լեզուն մեր պետութիւնն է, մեր հայրենիքը, մեր բանակը, հայի խորհուրդը եւ տունն է աշխարհի չորս ծագերում: Հազարամեակների ճանապարհ անցնելով հայոց լեզուն անցել է նաեւ բազմաթիւ փորձութիւններու բաժան-բաժան է եղել: Արեւելահայերէն հատուածն ունեցաւ իր պետութիւնը իր զարգացումը, իր մեթոդաբանութիւնը, դասական ուղղագրութիւնը, իսկ միւս ճիւղը մնաց անտուն եւ անհայրենիք՝ անհատների եւ բարերարների հովանու ներքոյ սկսեց զարգանալ եւ փոխանցուեց 21 դար», նշած է Յակոբեան:
Նախարարին համաձայն, մասնագիտական քննարկումի հրաւիրելով՝ ահազանգ կը հնչեցնեն, որովհետեւ ակնյայտ է, որ գրական հայերէն խօսողներուն թիւը կը պակսի, աններելի իրավիճակի մէջ է հրապարակային եւ պաշտօնական լեզուն: «Ցաւալի է նաեւ մեր մամուլի եւ հեռուստատեսութեան լեզուն, սերիալներից հնչող գռեհկաբանութիւնները մխրճւում են հասարակութեան գիտակցութեան մէջ եւ դուրս չեն գալիս», յայտնած է Յակոբեան։
Նախարարին համաձայն, շատ քիչ կը խօսուի հայերէնի իմացութեան որակին մասին. ան շեշտած է, որ լեզուի պահպանման դիմաց ծառացած խնդիրները դիմագրաւելու համար հայոց պետութիւնը պէտք է լրջօրէն մտածէ հիմնախնդիրներուն արագ լուծում տալու մասին:
«Լեզուն բացարձակ արժէք է, անփոխարինելի վահան, որը պէտք է փոխանցենք սերունդներին: Պէտք է որոշակի լուրջ տեղ յատկացնել սփիւռքեան լեզուամտածողութեանը: Արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւս պէտք է դառնայ առաջնային», դիտել տուած ան՝ աւելցնելով. «Հայերը տանը պէտք է խօսեն հայերէն: Աղօթքը, օրհնանքը պէտք է հնչի հայերէն: Պէտք է պայքարել լեզուի անաղարտութեան եւ մաքրութեան համար՝ ընդլայնելով դրա տարածման սահմանները»։
Ան նշած է, որ նման գիտաժողովներ շարունակական պիտի ըլլան:
«Լեզուն մեր հարստութիւնն է եւ լինելութեան հիմքը, համատեղ կազմակերպել ենք այս գիտաժողովը ի մի բերելու համար ձեռքբերումները, մատնանշելու թերութիւնները», նշած է Հրանոյշ Յակոբեանը: Ան ըսած է, որ լեզուն նաեւ ինքնութեան պահպանման եւ ինքնապաշտպանական իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունի: Նախարարը գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանման եւ տարածման հարցերուն:
Հայոց լեզուի պահպանման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան Յակոբ Մեղապարտի անունը կրող յուշամետալով պարգեւատրուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Գիտաժողովին ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան անդրադարձած է «Լեզուի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան:
Գիտաժողովի ծիրին մէջ զեկուցումներ ներկայացուած են լեզուաքաղաքականութեան հիմնական դրոյթներու, լեզուավիճակը կարգաւորող եզրերուն, արդի հայերէնի գրական երկու տարբերակներու միասնականութեան, արեւմտահայ լեզուամշակութային քաղաքականութեան, սուրիահայ գաղթողներու լեզուական խնդիր-ներու, արեւելեան Եւրոպայի հայութեան լեզուական իւրայատկութիւններու եւ այլ նիւթերու մասին:
Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ համադրաբար հիմնած է «Մայրենիի դեսպան» մետալը, որով պիտի պարգեւատրուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանութեան, տարածման ու զարգացման մէջ ներդրում ունեցողները։
Նախարարութիւնը յոյս յայտնած է, որ Սփիւռքի բոլոր կրթօճախները, մշակութային, երիտասարդական կառոյցներն ու լրատուամիջոցները աշխոյժ կերպով մասնակցին այս նախաձեռնութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ 2013 թուականը հռչակուած է «Հայ մօր տարի» քանզի հայ մայրը տան մէջ մայրենին կը սորվեցնէ ու կը սրբացնէ, նշած է նախարարութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.