
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին հաղորդեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճան Պէյնըր կոչ ըրած է քոնկրեսականներուն՝ յարգելու «Խոջալուի ջարդերու զոհերուն յիշատակը»: Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Պէյնըր այս նպատակով դիմում մը կատարած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, պնդելով, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ տուեալ յանձնարարականը խօսնակին կողմէ կը կատարուի:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իրականութեան մէջ Պէյնըրի գրասենեակը պարզապէս Նիւ Մեքսիքօ նահանգին Ծերակոյտին կողմէ Յունուար 28ին վաւերացուած եւ Ներկայացուցիչներու տուն յղուած Խոջալուի հարցով բանաձեւ մը Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին փոխանցած է, առանց նման կոչ մը կատարելու: