
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը Երեքշաբթի, Փետրուար 19ին վաւերացուցին «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծը, մինչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած «Մուսթաքպալ» հոսանքի եւ տիւրզիներու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Ռոպեր Ղանեմ որոշեցին չմասնակցիլ նիստին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք պիտի չաճապարէ այդ օրինագիծը յղելու խորհրդարանի լիագումար նիստին, այլ՝ մէկ շաբթուան խորհրդակցութեան առիթ պիտի ընծայէ բոլոր խմբակցութիւններուն, այլ կարելիութիւններու շուրջ քննարկումներ կատարելու նպատակով:
«Մուսթաքպալ» հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն գործակցելու եւ քաղաքական մնացեալ ուժերուն հետ խորհրդակցելու:
Հարպ յայտնեց, որ վաւերացուած օրինագիծին հետեւանքները Լիբանանի եւ յատկապէս քրիստոնեայ քաղաքացիներուն համար «շատ գէշ» պիտի ըլլան:
Նիստին աւարտին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, թէ օրինագիծին վաւերացումը այս կամ այն կողմին յաղթանակը չէ, այլ անիկա ժողովրդավարական ուղեգիծ է, որովհետեւ այդ օրինագիծը իւրաքանչիւր կողմին ի՛ր իսկ իրաւունքը կը շնորհէ, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ խորհրդարանին մէջ:
Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին եւ աւելցուց. «Ա՛ն, որ կը հաստատէ, թէ «Ուղղափառ հանդիպում»ի օրինագիծին նպատակն է երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել, իր պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ»:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդ-գծեց, որ Լիբանանի մէջ ինը տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ իշխանամէտ ու ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն միջեւ մերձեցում մը կ՛արձանագրուի:
Բագրատունի նշեց, թէ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը պէ՛տք է երաշխաւորէ, որ քրիստոնեայ քաղաքացին իր օրինական թեկնածուն դարձնէ երեսփոխան, եւ հաստատեց, թէ քրիստոնեայ երեսփոխանին ընտրութիւնը այլոց իրաւազրկումին համազօր չէ:
Բագրատունի շեշտեց նաեւ, թէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի խորհրդարանի լիագումար նիստին եւս համախոհութիւն գոյացնելու ի խնդիր:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք իրենց խօսքը կը յարգեն եւ իրենց կեցուածքներուն կառչած կը մնան, սակայն պատրաստ են նաեւ խորհրդակցելու եւ համախոհութիւն գոյացնելու: Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժըմայել յայտնեց, որ իրենք յանձնառու էին համախոհութիւն գոյացնելու:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ «այս օրը Լիբանանի օրէնսդրութեան պատմութեան մէջ սեւ օր է»՝ պնդելով, թէ «Հըզպալլա» «վարակուած է ապօրինի զէնքի ախտով»:
Նշենք, որ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6ին ցոյց մը կազմակերպուեցաւ՝ բողոքելու համար «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ:
Յայտնենք, թէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը մէկ օր առաջ նաեւ համաձայն գտնուեցան երեսփոխաններուն թիւը 128էն 134ի բարձրացնելու:
Աւելի ուշ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ օրինագիծին վաւերացումը նուաճում կը նկատուի՝ աւելցնելով, որ «Լիբանանի պատմութեան մէջ այսօր սպիտակ օր մըն է, որուն ընթացքին իրաւունքները վերադարձուած են իրաւատէրերուն՝ առանց այլոց իրաւունքները խլելու»:
Զօր. Աուն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին ու Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեանց՝ օրինագիծի վաւերացման մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար:
Նաեւ, «Մուսթաքպալ» պլոքի նախագահ եւ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, թէ իր պլոքը կտրականապէս մերժեց «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծը՝ զայն նկատելով «ահաբեկչական ծրագիր մը, որ սպանութեան թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը եւ կը սպառնայ անոր ապագային», ինչպէս նաեւ վտանգի կ՛ենթարկէ ազգային համերաշխութիւնը: Ան «Հըզպալլա»ն պատասխանատու նկատեց Լիբանանի դիմագրաւած եւ ապագային դիմագրաւելիք հարցերուն: