ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Փետրուար 28ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Արցախի գեղեցիկ բնութեան, անոր պատմութեան ու ժողովուրդին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Օրուան բանախօսն է Կալա Տանիլովան, որ լուսանկարներու միջոցաւ պիտի ներկայացնէ նշեալ նիւթը՝ կեդրոնանալով յատկապէս վերջին քսանամեակին ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած դժուարութեանց վրայ:
Կալա Տանիլովա շրջանաւարտ մըն է Ստեփանակերտի համալսարանէն, ուր մասնագիտացած է պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց մարզերուն մէջ: 2002էն ի վեր, ան Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանք կատարող միջազգային «Հէյլօ» ընկերութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած է: Ան Պաքու ծնած է եւ 1988ի ջարդերուն ընթացքին փոխադրուած է Ստեփանակերտ, ուր հաստատուած է մինչեւ այսօր:
«Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Drive, Sherman Oaks, CA, 91423) կայանալիք ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.