
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 17 Փետրուարին, Պէյրութի Յոյն Ուղղափառներու Ս. Նիքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութիւնը նորընտիր Եուհաննա Ժ. պատրիարքին: Ներկայ էին նաեւ երկրի Նախագահը եւ վարչապետը Լիբանանի բոլոր հոգեւոր պետերը, ներկայ եղաւ Արամ Ա. վեհափառը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի:
Իր խօսքին մէջ նորընտիր պատրիարքը շեշտեց քրիստոնէութեան դարաւոր ներկայութիւնը շրջանէն ներս, Անտիոքի պատրիարքութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայիսլամ գոյակցութիւնը ամրացնելու հրամայականը:
Պատարագէն ետք, Պրիսթոլ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Պենետիքթոս պապին ներկայացուցիչը եւ Տիեզերական պատրիարքութեան, Երուսաղէմի, Աղեքսանդրիոյ, Ռուսիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Վրաստանի, Ռումանիոյ, Չեխոսլաւաքիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը: Ան շեշտեց երեք կէտեր՝ ա) քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, բ) քրիստոնեայիսլամ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպելու հրամայականը, գ) քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը: Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ այս առիլթով Լիբանան ժամանած օտար Հոգեւոր պետերուն հետ, որոնց կարգին նաեւ՝ պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քոխին: