ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արտասահմանեան հեղինակաւոր պատկերասփիւռի կայաններ Հայաստանի մասին ծանուցողական հովոլակներ պիտի ցուցադրեն: Անոնք միջազգային հանրութեան ու զբօսաշրջային շուկային Հայաստանը պիտի ներկայացնեն իր լաւագոյն կողմերով՝ ցուցադրելով հայկական զբօսաշրջային վայրերու գրաւչութիւնը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան յայտնած է, որ նման նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպուին ո՛չ միայն զբօսաշրջային ծանուցումի նպատակով, այլ նաեւ տարբեր երկիրներու լաւ կողմերով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու համար: «Նման միջոցառումները շատ կարեւոր են, եւ մասնաւոր հատուածի եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերի հետ խորհրդակցելուց յետոյ մենք անմիջապէս իրականացնում ենք այդպիսի նախաձեռնութիւններ, եթէ գտնում ենք, որ այն կարող է շահաւէտ եւ արդիւնաւէտ լինել երկրի համար», յայտնած է Ապրեսեանը՝ աւելցնելով, որ արտասահմանեան կայաններէն հայկական զբօսաշրջային վայրերու վերաբերող ծանուցողական հոլովակներու ցուցադրութիւնները վերջին տարիներուն պարբերաբար սփռուած են եւ պիտի շարունակուի սփռուիլ։
«Եուրոնիուզ» եւ «Սի.Էն.Էն.» կայանները նախորդ տարի սփռած են հայկական զբօսաշրջային ծանուցումներ, որոնք արդիւնաւէտ եղած են եւ այս տարի եւս կը նախատեսուի, որ տուեալ կայաններուն հետ համագործակցութիւնը շարունակուի: «Եուրոնիուզ» եւ «Սի.Էն.Էն.» հեռուստաընկերութիւնների հետ վերջին տարիներին համագործակցութիւնն իսկապէս նպաստեց մեր երկրում զբօսաշրջութեան զարգացմանը եւ զբօսաշրջիկների բաւականին մեծ հոսք ապահովեց Հայաստան», նշած է Ապրեսեան:
Հեղինակաւոր պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ հայկական ծանուցումներու սփռման յաջորդած է նաեւ այլ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը։ «2010ին վաւերագրական ֆիլմեր նկարահանող յայտնի կազմակերպութիւններից մէկի հետ համատեղ Հայաստանի մասին վաւերագրական ֆիլմ նկարահանուեց՝ «Նոյի երկիրը» («Տը լենտ աֆ Նոա»), որը արդէն մի քանի հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւններ ցուցադրել են, իսկ մի քանիսն էլ արդէն յայտ են ներկայացնել ֆիլմի ցուցադրութեան իրաւունքը ձեռք բերելու համար», յայտնած է զբօսաշրջութեան վարչութեան պետը՝ շեշտելով, որ ժապաւէնը արդէն իսկ սփռած են սպանական «Television Espanola»ն, Չեխիոյ ազգային կայանը, ֆրասնական «TV5 Voyager»ը եւ այլն:
Մեխակ Ապրեսեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ միջազգային հեղինակաւոր կայանները կը շարունակեն անդրադառնալ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող միջազգային եւ մշակութային բոլոր փառատօներուն: «Սի.Էն.Էն.», ռուսական «ORT» եւ «PTP», վրացական «Ռուսթավի» հեռուստաընկերութիւնները պարբերաբար լուսաբանել են մեր երկրի համար արդէն աւանդոյթ դարձած զբօսաշրջային փառատօները եւ այս տարի այս հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւնների հետ համագործակցութիւնը կրկին կը շարունակուի՝ հայկական արժէքները միջազգային հանրութեանը որակեալ եւ արդիւնաւէտ ներկայացնելու համար», դիտել տուած է Ապրեսեան:
Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը՝ իր զարգացման թափով եւ արդիւնքներով ամէնէն արագ կերպով զարգացող ճիւղերէն է: Նախորդ տարի՝ 2011 թուականին հետ բաղդատելով, ներքին զբօսաշրջային այցելութիւններուն աճը կրկնակի աւելցած է: 2012ի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն Հայաստան ժամանած են 843,330 զբօսաշրջիկներ, կամ 2011ի նոյն ժամանակաշրջանի հետ բաղդատելով անիկա աճած է 11.3 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.