
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ իր աւարտին մօտեցող եւ պաշտօնապէս ու օրինականօրէն «նախագահական ընտրութիւններ» հռչակուած, բայց էապէս ժողովրդավարական ընտրութեանց միայն նմանակումը բեմադրող քաղաքական զաւեշտին կարծէք կը պակսէր սոսկ suspense-ի՝ անձկալից անորոշութեան դրոշմը։
Այդ մէկն ալ փաստօրէն ունեցանք նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձով եւ անոր հետեւող քուէարկութեանց Փետրուար 18ի ժամկէտը յետաձգելու կամ չյետաձգելու «հետաքրքրաշարժ» դրուագով։
Մահափորձէն ետք, դեռ լրիւ չապաքինած, Հայրիկեան յայտարարեց, թէ չ՛ուզեր օգտուիլ ՀՀ օրէնքով հաստատուած՝ ընտրապայքարը շարունակելու անյաղթահարելի պատճառներ ունեցող թեկնածուներու սահմանադրական իրաւունքէն եւ քուէարկութեանց ժամկէտը յետաձգելու դիմում չներկայացուց Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին։ Այս վերջինը որոշեց անփոփոխ պահել քուէարկութեանց համար ճշդուած թուականը՝ Փետրուար 18ը։ Այնուհետեւ Հայրիկեան յանկարծ որոշեց քուէարկութիւնները յետաձգելու դիմում կատարել Սահմանադրական դատարանին։ Յետոյ ալ չուզեց սպասել Սահմանադրական դատարանի պատասխանին եւ ետ քաշեց քուէարկութեանց յետաձգման իր դիմումը…
Անշուշտ փորձիչ է Պարոյր Հայրիկեանի այլախոհական եւ անկախական պայքարի վաստակով հարուստ ազգային–քաղաքական գործիչին այս՝ յետ–մահափորձի վարքագիծին քաղաքական գնահատական տալը։ Այսուհանդերձ՝ հայոց պետականութեան եւ հայրենի հասարակութեան դիմագրաւած «նախագահական ընտրութեանց» բեմականացման գայթակղութիւնը այնքան ծանրակշիռ հետեւանքներով յղի է, որ չ՛արժեր Հայաստանի ժողովրդավարացման սպառնացող մեծ վտանգը մէկդի թողած՝ զբաղիլ մասնակիով եւ անգոյ ընտրապայքարի կայացման ու շիկացման խաբկանքը ստեղծելու կոչուած զարգացումներով։
Մանաւանդ որ քաղաքական զարգացման խմորումները փաստօրէն կանգ առած են մեր երկրին մէջ։ Փոխարէնը՝ կը գործէ միայն ժողովրդավարական ընտրութեանց կայացման խաբկանքը ստեղծելու քաղաքականութիւնը, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր գործող նախագահին ամէն գնով վերընտրութեան օրակարգին կը ստորադասէ միւս բոլոր առաջնահերթութիւնները։
Երկու օրէն կ՛աւարտի նաեւ օ-րինական ժամկէտը ընտրական քարոզարշաւին, որ իր կարգին ծառայեց օրինականութեան ու ժողովրդավարութեան պատրանքը բեմադրելու այդ միակ եւ միեւնոյն քաղաքականութեան։
Գործող նախագահին մրցակից թեկնածուները անշուշտ քննադատեցին, երբեմն նաեւ սուր շեշտով, Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան առաջին շրջանի թերութիւններն ու սխալները։ Նոյնիսկ փոխընտրութիւն ներկայացուցին իրենց ընտրական ծրագիրներով՝ ընտրազանգուածին հաւատք ու ինքնավստահութիւն ներշնչելով սեփական քուէի ուժին եւ գործող նախագահը փոխելու շօշափելի հնարաւորութեան նկատմամբ։ Բայց պէտք է սպասել մինչեւ 18 Փետրուար՝ ստուգապէս գնահատելու համար, թէ ընտրազանգուածը ինչպէ՞ս ընկալեց գործող նախագահին մրցակիցները։
Ի տարբերութիւն Սերժ Սարգսեանի մրցակից թեկնածուներուն, գործող նախագահն ու անոր գործակիցները ոչ մէկ մտավախութիւն ունին Փետրուար 18ի քուէարկութեանց արդիւնքին նկատմամբ։ Նախատեսած ու նախապատրաստած են Սերժ Սարգսեանի նախագահ վերընտրութիւնը՝ ոչ միայն ընտրազանգուածի վստահութեան քուէներու շատ հանգիստ մեծամասնութեամբ, այլեւ քուէարկութեան մասնակիցներու աւելի քան 65 տոկոսի մեծամասնութեամբ։
Աւելի՛ն. եթէ նախագահական ընտրութեան բեմադրութիւնը ընթանայ ըստ նախատեսուածին ու պետականօրէն մշակուած ծրագի-րին, Փետրուար 18ի քուէարկութեանց աւարտէն ետք անպայման պէտք է սպասել նախագահ Սարգսեանէն, որ շնորհակալութիւն յայտնէ իր մրցակիցներուն, որոնք իրենց ընտրական մասնակցութեամբ սատարեցին իր ինքնավերընտրութիւնը օրինական եւ ժողովրդավարական պատմուճանով զարդարելու նպատակին։
Նաեւ պէտք չէ զարմանալ, եթէ նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջան մը «նուաճած» գործող նախագահը շնորհակալութիւն յայտնէ նոյնիսկ այն կուսակցութիւններուն, որոնք իր թեկնածութեան հակադրուած ըլլալով հանդերձ՝ Սերժ Սարգսեանին դէմ թեկնածու չառաջադրեցին, ոչ ալ քուէարկութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին։
Բայց լրջանա՛նք։
Մեր աչքերուն առջեւ կը խաչուի Հայաստանը ժողովրդավարական ուղիով իր կառավարման այս խաթարուած համակարգէն ձերբազատելու յոյսը։
Նախագահական ընտրութեան զաւեշտական բեմադրութիւնը արդէն կը մօտենայ իր վերջին արարին եւ մեր հասարակութիւնը իր մէջ չի տեսներ ու չի գտներ անկումի այս ընթացքը կասեցնելու ուժը։
Իսկ աւելի մտահոգիչն ու ծանրակշիռը այն է, որ, ընդհակառա՛կն. արդէն սկսած է խմորուելու յետ–ընտրական փուլի ներ–քաղաքական մրցավազքը՝ ի խնդիր հին/նոր նախագահական իշխանութեան հետ «գործընկերութիւն»ը վերադասաւորման ենթարկելու ախորժակներուն։
Նախագահ Սարգսեանին, իր նախագահական գործունէութիւնը, ընդհանրապէս, վերաբերմունքը մանաւանդ ֆութպոլայինը՝ զիս կը յիշեցնէ հետեւեալ ուղտի պատմութիւնը.-
Օր մը թագաւորին ձրիակեր ուղտը կերակրելու համար ազատ կ՛արձակէն բանջարեղէնի շուկային մէջ ուղտապանին ու մի քանի զինուորներու հսկողութեան տակ որ կշտանայ. Ուղտը կերթայ, շատ աղքատ խանութպանին բանջարեղենը կ՛սկսի ուտել:
Խանութպանը վախէն պահուըտելով ուղտին կ՛ըսէ Ո՛չ, ջ՛ուշշշ ջ՛ուշշշ գշուի՛ր. բայց անօգուտ մինջ այդ տարեց փորձառու ծերուկ մը կը ծռի խանութպանին ականջին ու փսփսելով կըսէ այս ուղտը շատ ջ՛ուշշեր լսեր է, արժեք ջունի: