ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ հայկական զանազան Թաղային խորհուրդներու կողմէ ներկայացուած դիմումները իրերայաջորդ կերպով դրական լուծում կը ստանան՝ կարեւոր կալուածներ վերադարձնելով համայնքին։
Այս անգամ ուրախ լուրը եկաւ Գարթալէն։ Արդարեւ, Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը Երեքշաբթի, Փետրուար 5ին տեղեկացուցած է, թէ եկեղեցին վերատիրացած է Պէզճեան վարժարանի շէնքին, որ կը գտնուի 1510 մեթր քառակուսի տարածքով հողամասի մը վրայ։
Այդ վարժարանը բացուած էր 1812ին եւ իր գործունէութիւնը շարունակած մինչեւ 1937 թուական։ 2009ին, Թաղային խորհուրդը շէնքի կալուածաթուղթը ետ ստանալու նպատակով, դատ բացած էր պատկան մարմիններու մօտ։ Յաջորդող հանգրուանին, Վագըֆներու կանոնադրութեան լոյսին տակ, վարժարանի շէնքը Յունուար 10, 2013ին, 850-21 թիւ որոշումով վերադարձուած է Գարթալի եկեղեցւոյ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.