ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի մենատէր Հոսնի Մուպարաքի տապալումին առաջնորդած ապստամբութեան երկրորդ տարեդարձը նշող եւ ներկայ իշխանութեանց դէմ բողոքող տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Ուրբաթ, Յունուար 25ին, մայրաքաղաք Գահիրէի ու շարք մը այլ քաղաքներու մէջ բախումներ ունեցան ոստիկանութեան հետ եւ առնուազն 110 ցուցարարներ վիրաւորուեցան:
Ցուցարարները Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին վրայ հաւաքուեցան եւ անոնցմէ մաս մը քայլարշաւ կատարեց՝ Իսլամ եղբայրներուն ու նոր սահմանադրութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչելով: Ապահովական ուժերը փակեցին նախագահական պալատ առաջնորդող ճամբաները, իսկ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին շարք մը փողոցներ:
Խումբ մը ցուցարարներ նաեւ փորձեցին Շարքիայի մէջ նախագահ Մուրսիի բնակարանը ներխուժել, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոնց:
Իսմայիլիայի մէջ ցուցարարներ նաեւ հրկիզեցին իսլամականներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան կեդրոնատեղին:
Աղեքսանդրիոյ նահանգապետարանի շէնքին մօտ եւս բախումներ տեղի ունեցան, իսկ ցուցարարներ ժամանակաւորապէս գրաւեցին Սուէզի նահանգապետարանի շէնքը: Գահիրէի մէջ, ցուցարարներ ներխուժեցին ամերիկեան դեսպանատան կառատունը, ուր ոստիկանութիւնը զանոնք ցրուելու համար արցունքաբեր կազեր գործածեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.