ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխատանքին սուրբ ըլլալուն մասին երբ այնքան քարոզչութիւն կը կատարուի, գրեթէ ամէն օր, վստահաբար անոր դրական տեսակին կ՛ակնարկուի եւ ո՛չ թէ բացասական:
Աշխատութիւնը ցարդ մարդը յոգնեցնելէ աւելի, աշխուժացուցած է, եւ նոյնիսկ աւելի՛ առողջացուցած աշխատող մարդը: Աշխատանքով իրագործուած են աշխարհի մեծամեծ գործերը, ու անով պատուուած՝ զայն իրականացնողները: Աշխատանքը ա-ղօթք նկատուած է, սրբութիւն համարուած է, յառաջդիմութեան նշան ընդունուած է եւ այլ դրական բնորոշումներ ստացած:
Աշխատանքին ամէնէն սերտ գործակիցը յարատեւութիւնն է, իսկ անոր մտերիմ բարեկամը՝ համբերութիւնը: Յարատեւութեան եւ համբերութեան միջեւ նոյնութիւն տեսնել սիրողներ կը սխալին յաճախ, որովհետեւ առաջինը եթէ զուտ կամքի պրկման խնդիր է, երկրորդին՝ համբերութեան մէջ, առաքինութիւն եւս կը նկատուի: Յարատեւող մարդը կրնայ նկարագրով ազնիւ չըլլալ, սակայն պարզապէս իր ստանձնած աշխատանքը հետապնդելու յամառութիւն ունենալ: Մինչդեռ համբերութիւնը հոգեկան խառնուածքի եւ դաստիարակութեամբ ընկալուած կազմաւորման հետեւանք է: Նոյնիսկ զրկանքներու գնով կրնայ մէկը համբերել եւ ամէնէն ծանր անարգանքները կրել հեզութեամբ: Սուրբերու կեանքը, նման համբերատարութեամբ, շատ օրինակելի կը ներկայացուի յաճախ: Սակայն, յարատեւօրէն իր գործին փարած մարդը, կրնայ իր յամառութեամբ նաեւ մեծ վնասներ հասցնել զայն խոչընդոտող անձերուն: Անոր նպատակը ուրիշ բան չէ՛, բայց միայն իր գործին յաջողութիւնը, ինչ ալ ըլլան ատոր հասնելու պայմանները, որովհետեւ անիկա միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ:
«Գլուխը կախած աշխատող»ներու կարելի է հանդիպիլ, տարբեր մակարդակներու վրայ: Անոնք միայն պետական ու քաղաքական, դիւանագիտական թէ յարաբերական բարձրագոյն խաւերու մէջ գործող անձերը չեն: Արքունական դիւանի ամէնէն պատուաբեր աշխատանքներէն սկս-եալ, մինչեւ բանուորական ամէնէն համեստ խաւերուն տրուող աշխատանքները նուիրական են, եթէ անոնք կը կատարուին խղճմտօրէն ու պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ:
Հակառակ դրական աշխատանքի բարեբեր արդիւնքներուն, անիկա միշտ ալ ունեցած է իր թշնամիները:
_Կատարած աշխատանքիդ համար թշնամիներ ունենալը, շատ բնական երեւոյթ է, _ կ՛ըսէր, փորձառու մարդը, որ իր կեանքի ընթացքին բազմատեսակ հարուածներ ալ ստացած էր, ուրիշներու հաշւոյն դրական գործ կատարելուն եւ զանոնք ուրախացնելուն համար:
Սա կը հաստատէ, թէ աշխատանքը նաեւ նախանձ առթող երեւոյթ է մարդու կեանքին մէջ: Անիկա իր այս հանգամանքով, պէտք էր յառաջդիմութեան պատճառ հանդիսանար, դրական մրցակցութեան դուռ բանալով մարդոց միջեւ: Սակայն, այդ դրական մրցակցութեան հիմնական խոչընդոտը նախանձը կը դառնայ, արգելակելով աշխատանքին բարի ընթացքը, եւ անդամալուծելով զայն գործի դնող անձը:
Աշխատանքին նպատակը եւս կարեւոր կը նկատուի անոր թողելիք բարի համբաւին համար: Մարդիկ իրենց մահէն ետք իսկ կ՛անմահանան իրենց կատարած դրական ու բարի աշխատանքին համար: Ուրեմն, այն համբաւը որ աշխատանքը ու զայն իրագործողը պիտի վաստակի, կրնայ ի սկզբանէ ի յայտ գալ, անոր ունեցած նպատակին ճամբով: Կրնայ պատահիլ, որ մարդ իր բարի աշխատանքը չ՛աւարտած՝ մահանայ: Սակայն, երբ աշխատանքին նպատակը բացայայտ էր սկիզբէն, ուրեմն բարի աշխատանքի լծուած մարդը կրնայ գնահատուիլ, նոյնիսկ այս աշխարհէն ֆիզիքապէս բաժնուելէն ետք:
Աշխատանքի ընթացքին պատահած ձախորդութիւնները բնա՛ւ պատճառ չեն յուսահատելու: Ամէն մարդու կեանքին մէջ ալ կրնան պատահիլ անակնկալներ, որոնք այս կամ այն չափով կրնան արգելք հանդիսանալ իր աշխատանքին յաջողութեան: Սակայն, երբ այդ անակնկալները սովորական պատահարներ են՝ ինչպէս բնական աղէտներ ու հիւանդութիւններ, մեղադրանքի տեղի չեն տար: Սակայն, երբ այդ պատահարները մարդոց կողմէ կը պատճառուին, ու մանաւանդ ատոնք կատարուող աշխատանքը խայտառակելու դէպքեր կ՛ըլլան, այնքան ալ չեն վնասեր աշխատողին: Որովհետեւ, աշխատանքը խայտառակողները իրե՛նք կը խայտառակուին, իրենց վատ վերաբերումին համար:
Այս իմաստով, աշխատանքը ի՛նչ տեսակ կամ գոյն ալ ունենայ, երբ դրական ըլլալու կոչուած է, բնաւ չի՛ խայտառակեր զայն իրագործող մարդուն, այլ կրնան գտնուիլ մարդիկ, որոնք իրենց խայտառակ արարքներով, պարզապէս կը ջանան խայտառակել բարի աշխատանքը:
Ուրեմն, բարի աշխատանքը քեզ բնաւ չի՛ խայտառակեր, այլ կը գտնուին մարդիկ, որոնք քու բարի աշխատանքդ կը խայտառակեն, եւ սակայն, իրենք աւելի՛ կը խայտառակուին:
Ո՞վ կրնայ բարի աշխատանքը խայտառակել:
Ահաւասիկ պարզ, սակայն յանդիմանական բնոյթի խիստ հարցումը, որուն տրուելիք բացատրութիւնները կրնան լուսաբանել աշխատանքդ խայտառակողներուն նկարագրային գիծերը:
Առաջին հերթին, արդէն վերեւը ըսուեցաւ, որ բարի աշխատանքը կրնայ խայտառակուիլ նախանձի պատճառով: Սակայն, կան աւելի հիմնական պատճառներ, որոնք կը մխթեն որոշ անձեր, ուրիշներուն բարի աշխատանքը խայտառակելու:
Այդ պատճառներուն գլխաւորը՝ տգիտութիւնն է: Տգիտութիւնը վախազդու է: Ատիկա կրնայ մինչեւ իսկ ոճիր գործելու առաջնորդել ենթական: Իր տգիտութեան տեղեակ անձն է, որ բարի աշխատանքը խայտառակելէն հաճոյք կը ստանայ: Անիկա անհանդուրժող նկարագրով անձն է, որուն հայեցողութեամբ աշխարհի վրայ կատարուող բարի աշխատանքները անարժէք շարժումներ են, եւ նոյնիսկ վնասաբեր: Անոր ըմբռնումով, համատարած տգիտութիւնը կը հաւասարեցնէ մարդիկը իրար, եւ մէկուն կամ միւսին յառաջդիմութեամբ ստեղծուելիք մրցակցութիւնը այսպիսով կը խափանուի:
Բարի աշխատանքը խայտառակելու յաջորդ հիմնական պատճառը, ընդհանուրին ծուլութիւնն է, որ ծոյլերու կարծիքով կրնայ հասարակաց բաղձալի ամլութեան առաջնորդել մարդկային ընկերութիւնը: Դժուար կարելի է գտնել ամուլ կին, որ ուրախակից ըլլայ բազմածին կիներու գոհունակ ուրախութեան: Բացառութիւնները միշտ ալ յարգելի են: Անոր ներքին ցաւն ու տառապանքը միայն իրե՛ն ծանօթ կ՛ըլլան ամբողջովին:
Նոյնն է պարագան վերոյիշեալ ծոյլերուն, որոնք ինչքա՜ն պիտի նախընտրէին համընդհանուր ամլութեան կարգավիճակը մարդկութեան համար, քան արդիւնաշատ կեանքը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ընդհանուր ծուլութեան մէջ, կատարուած աշխատանքներու բաղդատական կարելի չէ՛ կատարել, եւ դարձեալ ծուլութիւնը կ՛ըլլայ հասարակ յայտարարը մարդոց «գործունէութեան»:
Նախանձ, տգիտութիւն եւ ծուլութիւն: Ահաւասիկ եռեակ միութիւնը, որ կրնայ ոչ միայն խոչընդոտել բարի աշխատանքը, այլ նաեւ փորձել խայտառակել այն: Պէտք է յիշեցնել սակայն, թէ բարի աշխատանքը ինք, ո՛չ կը խայտառակէ, ո՛չ ալ կը խայտառակուի, այլ միշտ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը փորձեն խայտառակել բարի աշխատանքը: