ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներ:
Սլէյման Փութինէն խնդրեց հովանաւորել միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է օժանդակել Լիբանանին՝ հոգալու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Փութին խոստացաւ Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրել, որպէսզի անիկա կարենայ սուրիացի գաղթականներուն հարցը լուծել:
Սլէյման նաեւ Փութինը Լիբանան հրաւիրեց:
Միւս կողմէ, Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.