ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ 20 Յունուարի Ս. պատարագի աւարտին կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներուն: Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած են Սոֆիա, Փլովտիւ, Վառնա, Պուրկաս, Ռուսէ հայաշատ քաղաքներուն մէջ:
Պուլկարիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն «Արմէնփրէս»ին փոխանցած են, որ նոյն օրը Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան մատուցած է Ս. Պատարագ եւ ջրօրհնէքի կարգ կատարած է Փազարջիկ քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Հայր աուրբը քարոզած է Սուրբ Ծննդեան տօնին խորհուրդին մասին եւ ներկայ հաւատացեալ հայորդիներուն կոչ ուղղած է՝ հաւատարիմ մնալու իրենց հայրերու հաւատքին ու աւանդութեան: Այս տարի Փազարջիկի հայ համայնքի ջրօրհնէքի խաչքաւոր եղած է տեղւոյն հայութեան կողմէ մեծ յարգանք վայելող Նշան Պզտիկեանը: Շրջանին մէջ մնայուն հոգեւոր հովիւ չկայ, այդ պատճառով Ս. պատարագներ կը մատուցուին միայն տաղաւար տօներուն յաջորդող կիրակիներէն մէկուն ընթացքին:
Նոյն երեկոյ Աբգար վրդ. Յովակիմեանը եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Գրիգորեանը մասնակցած են Փլովտիւի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եկեղեցական վարչութեան նիստին, ուր կատարուած են քանի մը կարեւոր յայտարարութիւններ: Մօտիկ ապագային պիտի կայանայ թեմական խորհուրդի արտակարգ նիստ, որուն ընթացքին պիտի ներայացուին այդ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ որոշումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.