ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հովանիին տակ իրականացուող «Աջակցութիւն՝ երիտասարդ գիտնականներին» ծրագիրի ծիրին մէջ 2013ի Յունուար-Փետրուարին չորս երիտասարդներ արտասահմանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային գիտաժողովներու եւ ձմեռնային դպրոցներու: Երիտասարդ գիտնականները միջազգային հաւաքներուն պիտի մասնակցին Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանող Հերմինէ Ղարագուլեանը 20-21 Փետրուարին Սպանիայի Պարշելոնա քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Լազերային արհեստագիտութիւններու, ակնաբուժութեան եւ նկարչագիտութեան միջազգային համաժողովին:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ֆիզիքական հետազօտութիւններու հիմնարկի ուսանող՝ Մերուժան Քերոբեան, Յունուար 27էն Փետրուար 15 պիտի մասնակցի Իտալիոյ մէջ կայանալիք երիտասարդ գիտնականներու ձմեռնային դպ-րոցին:
Միեւնոյն հիմնարկի գիտաշխատող, ուսողութեան գիտութիւններու թեկնածու Պաւել Մուժիկեանը Փետրուար 2-7ը պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ կայանալիք «SPIE OPTO» միջազգային սիմփոզիումին:
Յունուար 27-30ը կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Անդրանիկ Դուրգարեանն Աւստրիոյ Փիքլ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի դիմադրողականութեան գիտութիւններու 11րդ ձմեռնային միջազգային դպրոցին:
Բոլոր երիտասարդ գիտնականներն ալ միջազգային համաժողովներուն ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.