ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երկուշաբթի, Յունուար 7ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Պըրպենքի նոր Երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր Հայկական Ս. Ծնունդի աւանդական հիւրասիրութիւնը, որուն ներկայ էին քաղաքապետական խորհուրդէն անդամներ, քաղաքի այլ պաշտօնակատարներ ու Պըրպենքի մէջ կայանալիք ընտրութեանց շարք մը թեկնածուներ, նահանգային ու դաշնակցային կառավարական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչիներ:
Հիւրասիրութեան բացումը կատարեց Զարեհ Խաչատրեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին:
Ապա Պըրպենքի քաղաքապետ Տէյվ Կոլոնսքի շնորհաւորեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբն ու հայ համայնքը, որ յաջողութեամբ իրականացուցած են Երիտասարդական նոր կեդրոն մը ունենալու երազը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
Ապա ներկաները վայելեցին համեղ ճաշերը եւ ծանօթացան նոր կեդրոնին, որ ունի պասքեթպոլի դաշտ մը, գրասենեակներ եւ ժողովասրահներ:
Իր կարգին, ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբի ատենապետ Արա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ վստահեցնելով, որ նոր կեդրոնը պիտի պատրաստէ տիպար քաղաքացիներ: «Տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութեանց պաշտօնատարներուն ցուցաբերելիք զօրակցութեամբ՝ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր սպասարկութիւնները մատուցել համայնքին», յայտարարեց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.