ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սեպտեմբեր 2012ի դրութեամբ արտասահմանի մէջ հայաստանեան կազմակերպութիւններու ուղղակի ներդրումներու ծաւալը կազմած է 164.8 միլիոն տոլար: Այդ մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Արտասահմանեան ներդրումներու ծաւալը նախորդ տարի որոշ աճ արձանագրած է (տարեսկիզբին մօտ 158 միլիոն տոլար էր): Վիճակագրութիւնը չի մանրամասներ, թէ ո՞ր երկիրներուն մէջ բաշխուած են արտասահմանեան ներդրումները:
Բացի ուղղակի ներդրումներէն, հայաստանեան կազմակերպութիւնները արտասահմանի մէջ նաեւ մօտ 12 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած են՝ գնելով պարտատոմսեր:
Առաւել մեծ թիւ կը կազմէ արտասահմանի մէջ պահուող դրամական միջոցներու գումարը՝ Սեպտեմբերի դրութեամբ մօտ 2.5 միլիառ տոլար: Այդ գումարներէն 360 միլիոն տոլարը բաժին կ՛իյնայ դրամատուներուն, մօտ 2 միլիառ տոլարը՝ ոչ ֆինանսական հատուածին: Տարեսկիզբին հետ բաղդատելով՝ արտասահմանի մէջ պահուող դրամական միջոցներուն գումարը աւելցած է մօտ 100 միլիոն տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.