ԹԱՒՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 1 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, Նոր տարուան առիթով գոհաբանութիւն ընծայելու Աստուծոյ:
Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ Ամանորի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի: Իսկ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց՝ ծխատէր Ներսէս քհնյ. Պասիլեանը: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Նարեկացի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Օֆելիա Սայադեանի:
Թեմակալ առաջնորդը իր պատգամը կեդրոնացուց մեր համայնական կեանքի գանձանակին մէջ մեր լուման դնելու կարեւորութեան, որ մեզ մասնակից կը դարձնէ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին. «Այդ լուման անպայման մեր նիւթական հարստութիւնը չէ՛: Այդ լուման միայն հնչուն արժէք չունի՛, այլ ըլլալ մեր քրտինքը, կրնայ ըլլալ մեր ժամանակը, կրնայ ըլլալ մեր ծառայութիւնը, կրնայ ըլլալ մեր նուիրումը, զոհողութիւնը, մէկ խօսքով այդ դրամանիշը աշխարհի սովորական սակարաններուն մէջ արժեգին չունի՛», ըսաւ առաջնորդը: Հայր սուրբը շեշտեց ազգային-եկեղեցական կեանքի յաջողութիւններով ուրախանալու երեւոյթը նաեւ, եւ շնորհաւորելով անցնող տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները, նոր վերելք մաղթեց թեմի ազգային-եկեղեցական ու հայրենանուէր բոլոր ծրագիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Happy New Year and all the best for 2013.