
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4ին, Թաւրիզի քաղաքապետ Ալի Ռեզա Նաւին ժամանեց Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան՝ Թաւրիզ, եւ «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճէն ներս ընդունուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի կողմէ: Քաղաքապետին կ՛ընկերակցէին աւագ խորհրդական Սէյէտ Ալեւի, 8րդ թաղամասի քաղաքապետ Մուտապպեր, քաղաքապետական խորհուրդի հանրային կապի պատասխանատու Յուշենկ, Փոքրամասնութիւններու պետական հիմնարկի պատասխանատու Մուսաւի, եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր տօնական օրերու առիթով շնորհաւորել հայ համայնքը, եւ յատկապէս գնահատել նահատակներու ընտանիքները: Ուստի, Ազգային իշխանութեան հրաւէրով, սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թաւրիզ բնակող հայ նահատակներու ընտանիքներուն ներկայացուցիչ անդամները:
Թեմակալ առաջնորդը բարի գալստեան խօսք ուղղելով, ողջունեց Թաւրիզի քաղաքապետին ներկայութիւնը Ազգային առաջնորդարանէն ներս, եւ քաղաքապետութեան գովելի այս նախաձեռնութիւնը. «Հայ ժողովուրդի զաւակները անբաժան ու անբաժանելի մէկ մասնիկն են Իրանեան հայրենիքին, որու նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը արիւնով փաստած են, Իրաք-Իրան պատերազմի 8 տարիներու ընթացքին: Ձեր ուսանելի եւ դաստիարակիչ վերաբերումը, հայ համայնքի զաւակներուս նկատմամբ, մեզ առաւել եւս պատասխանատուութեան կը կանչէ, հանդէպ մեզ ծնած այս երկրին», ըսաւ Հայր սուրբը:
Ապա, քաղաքապետ Նաւին փոխադարձ խօսք ուղղելով, ողջունեց թեմակալ առաջնորդին ներկայութիւնը Թաւրիզէն ներս, իբրեւ հայ համայնքի հոգեւոր պատասխանատու եւ գովեստով արտայայտուեցաւ իրանահայութեան մասին, իբրեւ օրինակելի քաղաքացիներ: Ան յատկապէս յարգեց յիշատակը հայ նահատակներուն, որոնք իրենց իսլամ եղբայրներուն եւ քոյրերուն նման զոհուեցան պատերազմի տարիներուն: Ապա, ան իւրաքանչիւր նահատակի ընտանիքի ներկայացուցիչին յանձնեց պատուոյ յուշագիր, իբրեւ պետական յարգանք այդ ընտանիքի անդամ հայ նահատակին, որ մէկ մասնիկն է քրիստոնեայ թէ իսլամ անմահներու փաղանգին: Քաղաքապետը նաեւ յատուկ յուշանուէր յանձնեց թեմակալ առաջնորդին, շնորհաւորելով անոր Նոր Տարին ու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը:
Պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին, առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վարդապետ եւ քաղաքապետ Նաւին, հայր սուրբի գրասենեակին մէջ առանձին հանդիպում ունեցան, թեմի տարբեր աշխատանքներուն առնչուած որոշ հարցերու շուրջ խորհրդակցելու: