ՊՈԼԻՍ.- 1 Յունուարի երեկոյեան, Պոլսոյ մէջ Ֆաթիհի Տաւութփաշա թաղամասի հնգյարկանի շէնքի մը նկուղին մէջ պատահած է սահմռկեցուցիչ դէպք մը։
Արդարեւ, Զատիկ Քիւչիւք անունով հայ մը, գործը աւարտելէն ետք ուղղուեցաւ իր տարեց մօր՝ 84ամեայ Մարիձա Քիւչիւքի բնակարանը, ուր դէմ յանդիման գտնուեցաւ ահաւոր տեսարանի մը։ Անոր մայրը դրան ետին ինկած էր՝ դաշունահարուած ու գլխատուած վիճակով։ Ոստիկանութեան ժամանումէն ետք յայտնի դարձաւ, որ 84ամեայ հայուհին եօթը տեղէ դաշունահարուած, ապա՝ գլխատուած է։ Դիակը փոխադրուեցաւ դիազննարան։
Մարիձա Քիւչիւք չորս զաւակներու մայր էր եւ առանձինն կը բնակէր տան մէջ։ Քննութիւնը ընթացքի մէջ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.