ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ըստ պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն, 2012ին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գօտիին մէջ հակառակորդին կողմէ շուրջ 14,000 անգամ կատարուած է զինադադարի խախտում, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 68,700 կրակոց: Հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտումները յատկապէս աւելցած են պետական կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ տօնական օրերուն ընթացքին։
Բայց եւ այնպէս, հակառակ հակառակորդին դրսեւորած այս յարձակողական կեցուածքներուն, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը ամբողջ տարուան ընթացքին հաւատարիմ մնացած են զինադադարի պահպանման դրութեան եւ լիովին վերահսկած են իրավիճակին՝ անհրաժեշտ պարագաներուն ձեռնարկելով նաեւ կանխարգիլող գործողութիւններու եւ ստիպելով ատրպէյճանական կողմը՝ հրաժարելու իր նկրտումներէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.