
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկար ժամանակէ ի վեր երիկամներու անբաւարարութենէ տառապելէ ետք, 31 Դեկտեմբերին 2012ին իր մահկանացուն կնքեց պոլսահայ, լոսանճելըսաբնակ բանաստեղծ Վարդերես Գարակէօզեանը։ Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն: Հաւանական է որ մարմինը փոխադրուի Հայաստան ու հոն տրուի հողին։
Արդարեւ, Վարդերես Գարակէօզեան Պոլիսէն ետք հաստատուած էր Հայաստան, ուր երկար ժամանակ ունեցաւ մշակութային գործունէութիւն, հիմնեց »Էրեբունի« հրատարակչատունը, որուն երդիքին տակ հրատարակեց թանկարժէք հատորներ, ապա, սակայն, անցաւ Ամերիկա ու բնակութիւն հաստատեց Լոս Անճելըսի մէջ: