

ՓԱԼՕ ԱԼԹՕ, «Արմինիա Նաու».- Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Սիլիքոնեան Հովիտին մէջ բացուած է Հայաստանի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ներկայացուցչական գրասենեակ։
Բացման արարողութեան յաջորդած է Հայաստանի մէջ երկարատեւ ներդրումներու առաջին հիմնադրամի ստեղծման մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ ֆինանսական ներդրումներուհասանելիութիւն ապահովելու՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ նորաստեղծ կազմակերպութիւններուն:
«Բազմաթիւ երկրներ, այդ թւում՝ զարգացած պետութիւններն այստեղ բացել են իրենց ներկայացուցչութիւնները, որովհետեւ Սիլիկոնեան հովտում ունենալ այդպիսի ներկայացուցչութիւն, նշանակում է ունենալ գործիք, որը մասնաւոր հատուածին զարգացման հնարաւորութիւն է տալիս», նշած է արարողութեան ներկայ եղող վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը:
«Հայաստանի համար դա առաւել կարեւոր է, քանի որ առանց Սիլիկոնեան հովտի հետ ամէնօրեայ կապի, հնարաւոր չէ հետեւել ժամանակակից զարգացումներին, իսկ արագ փոփոխուող աշխարհում մենք պարտաւոր ենք իմանալ բոլոր թարմ նորութիւնները», աւելցուցած է ան։
Սարգսեանը նշած է, որ ստորագրուած է նաեւ Հայաստանի մէջ «չիփ»երու արտադրութեան նոր գործարանի կառուցման վերաբերող յուշագիր մը, որ նոյնպէս այս բնագաւառի զարգացման իմաստով կարեւոր քայլ մըն է։
Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է «Ինթել» ընկերութեան հետ յուշագիրի ստորագրութիւնը, որուն լոյսին տակ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ նոր կեդրոն պիտի բանայ։