
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի կազմակերպած առաջին միացեալ հրապարակային նիստը՝ «Ալքոլի եւ թմրեցուցիչներու մոլութիւն» խիստ էական նիւթին մասին:
Աւելի քան վաթսուն մասնակիցներ փութացած էին դասախօսութեան վայրը՝ ականջալուր ըլլալու երիտասարդութեան ընկերային կեանքին սպառնացող այս նիւթին, որուն մասին սպառիչ եւ շահեկան մանրամասնութիւններով ելոյթ ունեցան իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, յիսնապետ Կրեկ Աֆշարեան (Փասատինայի Ոստիկանական բաժին), Անժելիք Շիրվանեան (Գործող ծնողներու եւ դեռահասներու զորակցող ծրագիր), Քեւըն Պապայեան (MA, CDAC) եւ Մաթ Զաքարեան (Community Lead Officer-Կլենտէյլի Ոստիկանական բաժին): Եզակի այս դասախօսական ձեռնարկի համադրումը կատարեց Սիւզան Տուզմանեան (ատենապետ «Փեսիֆիք Քլինիքս»ի Հայ խորհրդատուական մարմինի):
Ձեռնարկի բացումը կատարելով՝ ներկաները ողջունեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, որմէ ետք սիրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի պատասխանատուներէն տոքթ. Էմմա Օշականը: Երկու պատասխանատուներն ալ շեշտեցին ընկերային այս նիւթին մասին լայն ծանօթութիւն ունենալու կարեւորութիւնը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան օրուան հիւր դասախօսները, որոնք անձնական փորձառութիւններէ մեկնած՝ լաւապէս ներկայացուցին իրենց վստահուածը: Իւրաքանչիւր դասախօս, նախքան իր ելոյթը ներկայացնելը, ներկայացուեցաւ օրուան համադրող Սիւզան Պէրպէրեանի կողմէ:
Առաջին ելոյթ ունեցողը իրաւաբան Կարօ Ղազարեանն էր, որ ներկաներուն բացատրեց ալքոլի եւ թմրեցուցիչներու մոլութիւնը եւ անոնց թափանցումը երիտասարդներու կեանքէն ներս, որուն հետեւանքով անոնք դէպի անդունդ կ՛առաջնորդուին: Այս իրողութեան առաջքը առնելու գործին մէջ ան մեծ դեր վերապահեց ծնողներուն, որոնք եթէ իրապաշտ եւ անկեղծ յարաբերութեանց մէջ ըլլան իրենց զաւակներուն հետ, զանոնք կրնան ճիշդ ուղիի մէջ դնել:
Յաջորդ դասախօսը յիսնապետ Կրեկ Աֆշարեանն էր, որ օրէնքի տեսանկիւնէն ներկայացուց թմրանիւթերու օգտագործման հետեւանքները, ապա բացատրելով թմրամոլութիւն-ոճիր կապն ու անոնց ժխտական ազդեցութիւնները՝ ներկայացուց զանոնք բացայայտելու նախանշանները, որոնց կարգին էին անհատականութեան անմիջական փոփոխութիւնը, դասերու հանդէպ անտարբերութիւնը, անբնական քնանալը եւ զայրոյթը:
Ապա, ելոյթ ունեցաւ Անժելիք Շիրվանեանը, որ առաջին հերթին ներկայացուց վտանգաւոր վարմունք ունեցող դեռահասներու ձրի ծառայութիւն մատուցող ծրագիրները: Այնուհետեւ, ան ներկաներուն ծանօթացուց երիտասարդութեան կողմէ գործածուող թմրանիւթերու տեսակները եւ խնդրեց ծնողներէն յայտնաբերել զանոնք իրենց տուներէն ներս: «Ծնողները պէտք է իմանան եւ մաս կազմեն լուծումներուն», շեշտեց ան եւ այդ իմաստով պարտադրեց անոնց մօտէն հետեւիլ իրենց զաւակներու կեանքի ելեւէջներուն:
Մաթ Զաքարեան, որ նախագահն է Քրեսենթա Հովիտի «Drug and Alcohol Prevention Coalition»ին, շեշտեց յոռի մոլութիւններու առաջքը առնող աղբիւրներ գտնելու կարեւորութիւնը եւ այդ գծով մատնանշեց 40 յատկանիշներ, որոնք օգտակար կը հանդիսանան երիտասարդութեան, որպէսզի անոնք իրենց կեանքին մէջ լաւ ընտրութիւններ կատարեն: Նման միջոցներու իբրեւ օրինակ՝ ան ուշադրութեան յանձնեց ընտանիքներու զօրակցութիւնը, դրական յարաբերութիւնները, ընտանեկան պարագաներու հետ հաղորդակցութիւնը, կրօնքը, ինչպէս նաեւ յստակ եւ հետեւողական օրէնքներու կիրարկումը:
Օրուան վերջին դասախօսը Քեւըն Պապայեանն էր, որ 20 տարիներ պայքարելով իր թմրամոլութեան դէմ՝ կրցած էր զգաստութեան գալ, եւ հպարտանքի 14 տարիներ ապրելով՝ շարունակած էր իր ուսումը հոգեբանական մարզէն ներս: Դասախօսին համոզումով՝ կարելի է դրական փոփոխութիւններ կատարել մոլութեանց մէջ մխրճուած անհատներու կեանքէն ներս:
Ներկայացուած հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ նիւթերու ներկայացումէն ետք, հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ ներկաներուն:
Մասնակիցներուն յստակ էր, թէ այնքան ատեն, որ ալքոլի օգտագործումը եւ թմրամոլութիւնը կը շարունակուին ընկերային մեր կեանքէն ներս, ՀՕՄի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս»ի նման կազմակերպութիւններ կը գիտակցին համապատասխան տեղեկութիւններ փոխանցելու հանրութեան, որպէսզի առաջքը առնուի երիտասարդութիւնը կործանող այդ մոլութեանց:
Հրապարակային նիստերէն երկրորդը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2012ի երեկոյեան, Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնը՝ 211 W. Chestnut St., Glendale, CA: Օրուան նիւթը պիտի ըլլայ «Հոգեբանական խանգարումներ՝ ընկճուածութիւն, յետ-բեկումնային ախտանիշ եւ անձկութիւն»ը, զոր պիտի ներկայացնեն տոքթ. Չարլզ Փիլաւեան (PsyD), տոքթ. Իդա Քարայեան (PsyD, LMFT, CBT) եւ տոքթ. Սարգիս Արեւեան (վկայեալ հոգեբոյժ-Board Certified Psychiatrist): Համադրումի աշխատանքը պիտի կատարէ տոքթ. Առաքել Դաւիթեան (վկայեալ հոգեբոյժ-Board Certified Psychiatrist):
Հրապարակային նիստերու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելեցէք ՀՕՄի «դիմատետր»ի էջը (Ֆէյսպուք)՝ www.facebook.com/arswusa, կամ հեռաձայնեցէք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով: