ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ «Փեթրիըթ» տիպի հրթիռներ տեղադրելու ՆԱԹՕի որոշումը՝ զայն «հրահրի»չ քայլ մը համարելով, մինչ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ՛որոշէր հարկաւոր «Փեթրիըթ»ները Թուրքիա ուղարկել:
Մըքտատ աւելցուց, թէ Սուրիոյ կողմէ քիմիական զէնքերու գործածութեան մասին վերջին քանի մը օրերուն կատարուող յայտարարութիւններուն նպատակն է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մը համար արդարացում գտնել, որուն առաջին քայլը կրնայ ըլլալ նշեալ հրթիռներուն տեղադրումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ «Փեթրիըթ»ներու տեղակայման հարցին՝ նշեց, որ անոնք պատգամ մըն են Սուրիոյ: Ան ապա կրկնեց. «Մտահոգ ենք, որ սուրիական վարչակարգը յուսահատութեան հասնի եւ քիմիական զէնքերը օգտագործէ»:
Յայտնենք, թէ հրթիռներու համակարգը նաւերով Թուրքիա պիտի փոխադրուին: Անոնց փոխադրութիւնն ու տեղադրումը «քանի մը շաբաթ» կրնայ տեւել՝ ըստ ՆԱԹՕի աղբիւրներուն:
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու Պոլսոյ մէջ հանդիպման ընթացքին որոշուած է, որ Մոսկուա փորձէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը համոզել՝ հեռանալու իշխանութենէն: Այս լուրը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին փոխանցած է:
Նաեւ, «Թայմզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները պատրաստ են Սուրիոյ դէմ յարձակելու, եթէ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքեր օգտագործուին: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ Իսրայէլ կրնայ մասնակցիլ Սուրիոյ դէմ հաւանական գործողութեան մը, «եթէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը քիմիական զէնքեր օգտագործէ»: Օրաթերթը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն պատրաստած են Սուրիոյ դէմ՝ Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մասնակցութեամբ ցամաքային յարձակումի ծրագիր մը, որուն պիտի մասնակցի շուրջ 75 հազար զինուոր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.