ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «7 Օր».- 6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած՝ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն մասին բաց եւ ազատ կարծիք արտայայտելու միտող խորհրդաժողով-քննարկումը, որուն ներկայ եղած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, Ռուբիկ Յակոբեանը, Արմէն Մարտիրոսեանը, Արամ Մանուկեանը, Տիգրան Ուրիխանեանը, Վահէ Էնֆիաճեանը, Պարոյր Հայրիկեանը, Կարապետ Ռուբինեանը, Արա Պապեանը, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ ուժերու եւ հասարակական լայն շերտի ներկայացուցիչներ։ Խորհրդաժողով-քննարկումին խորագիրն էր «Միասնական օրակարգ-նախագահական ընտրութիւններ»։
ՀՅԴ ներկայացուցիչները խոր-հրդաժողովին ընթացքին անդրադարձած են ընտրութեան կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնը անկախ պետականութեան անցած ճանապարհը վերաիմաստաւորելու, երկրին ու հասարակութեան խնդիրները ճիշդ ձեւով ձեւակերպելու, ժողովուրդին բարեկեցութիւնը ապահովող գործողութիւններ նախանշելու, արտաքին մարտահրաւէրները արժանապատիւ կերպով դիմակայելու բացառիկ կարելիութիւն եւ առիթ է։ Շեշտը դրուած է այն երեւոյթին վրայ, որ պէտք է միասնական աշխատանք տանիլ եւ ունենալ քաղաքական միասնական փլաթֆորմ մը։
«Ինչպէս գիտէք շուրջ մէկ ամիս առաջ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը ներկայացրեց օրակարգային եօթ կէտեր, որոնք անհրաժեշտ եւ բաւարար պայման են երկիրն այս վիճակից դուրս բերելու եւ զարգացնելու համար: Մենք այն կարծիքին ենք եւ այն համոզմունքն ունենք, որ դրանք կարող են միասնական քաղաքական պլատֆորմի հիմք հանդիսանալ: Հէնց այդ գիտակցմամբ նախաձեռնուեցին քաղաքական քննարկումները, որոնք գնատահում ենք շատ օգտակար տեսակէտերի, դիրքորոշումների յստակեցման առումով», իր բացման խօսքին մէջ յայտարարած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը՝ շեշտելով, որ միայն ներկուսակցական քննարկումներու, քուլիսային համաձայնութիւններու ճամբով կարելի չէ լուրջ յաղթանակներ ապահովել։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, միասնական օրակարգ ունենալու միտումը հասարակութիւնը համախմբելն է։ «ՀՅԴն ունեցել է բանակցութիւններ ԱԺի գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերի հետ: Պէտք է ասեմ, որ արդէն իսկ այդ հանդիպումները որոշակի պատկեր ուրուագծում են: Ընտրութիւնները, սովորաբար, ընդունակ են որոշակի փոփոխութիւնների ակնկալիք առաջացնել, բայց այս մէկը աննախադէպ է, որովհետեւ փոփոխութիւնների ակնկալիքը հասարակութեան մօտ նուազագոյն է: Միասնական օրակարգը ուղղուած է հասարակութեանը համախմբելուն եւ նրանց հաւատը վերականգնելուն», նշած է Ռուստամեան։
Անոր համաձայն, ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու միակ ուղին ընդդմիադիր զանգուածի համախմբումն է: «Պէտք է նախ եւ առաջ հասնել այս միասնական օրակարգի ընդունմանը, ապա գծել ճանապարհային քարտէզ, քանզի որեւէ մէկը այնպիսի անվերապահ հեղինակութիւն չի վայելում, որ իր անձը երաշխիք լինի ժողովրդի ձայները վայելեու համար: Հարցը պէտք է դուրս գայ անձերի միջեւ համեմատութիւն կատարելու դաշտից: Քննարկումները պէտք է կատարուեն աւելի արդիւնաւէտ եւ ռացիոնալ եւ եթէ դա յաջողուի, ապա առաջնորդողն ինքնին կ՛առաջանայ», նշած է Ռուստամեան՝ աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է ճանապարհային քարտէզ մշակել, ապա ընդհանուր յայտարարի գալ թեկնածուի հարցում: Քայլերի այս հերթականութիւնը փոխելը փակուղի է»:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը՝ ներկայացնելով առաջարկուող փլաթֆորմը, դիտել տուած է, որ ներկայացուող առաջարկներուն ծիրին մէջ առանցքային կը նկատուին պետութեան կազմակերպական դերի վերանայումը եւ անոր բարձրացումը:
Ան դիտել տուած է, որ աննախընթաց իրավիճակ կը տիրէ Հայաստանի մէջ, երբ իրօք կարելի է համախմբուիլ՝ իշխանափոխութիւն կատարելու նպատակով։
«Ընտրութիւններից ընտրութիւն մարդկանց վստահութիւնը դրանց նկատմամբ հասել է անբարենպաստ աստիճանի: Միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ համախմբելու հնարաւորութիւն մենք տեսնում ենք: Առանձին վերցրած որեւէ քաղաքական ուժ չի տիրապետում այնպիսի վստահութեան, որ հասնի փոփոխութեան: Ընտրութիւնների միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու միակ ճանապարհը ընդդիմադիր դաշտի համախմբումն է միասնական օրակարգի շուրջ», յայտարարած է Ա. Ռուստամեանը:
Այս նախաձեռնութեան արձագանգելով՝ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը յայտնած է, որ կ՛ընդունի ՀՅԴի առաջարկած օրակարգային եօթը կէտերը: ՀՅԴ խորհրդաժողովին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան ըսած է. «Դէ իւրէ, սահմանադրական պետութիւն ունենալու ճանապարհին «քաղաքացիական» օրակարգ սահմանելու նախաձեռնութիւնը ես համարում եմ բեկումնային: Եւ որպէս մեկնարկային փաստաթուղթ ամողջովին ընդունում եմ այս եօթ կէտերը: Ի հարկէ, ժամանակի ընթացքում այդ կէտերը պէտք է «բացուեն»: Եւ բոլոր աշխատանքներն ու պաշտօնները հետագայում պէտք է «չափուեն» այս եօթ կէտերով: ՀՅԴ ներկայացրած օրակարգի հինգերորդ կէտը՝ պետութեան կազմակերպիչ, կարգաւորող դերակատա-րումը, պէտք է ենթադրի պետութեան նոր որակ»։
Անոր համաձայն, օրակարգի եօթներորդ կէտին մէջ պէտք է մանրամասնուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, հետեւանքներու վերացման, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման խնդիրը:
«Ես յոյս ունեմ, որ այս ամէնը կեանքի կը կոչուի որպէս ամէն մէկն ինքն իրեն յաղթելու, իրենից բարձր տեսնելու նախադէպ եւ մեզ կը բերի այն պետութիւնը, որը պատկանում է իւրանքաչիւր հայի եւ հայաստանցու», յայտնած է Յովհաննէսեան։
Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Կարապետ Ռուբինեանը եւս ողջունած է ՀՅԴի նախաձեռնութիւնը: «Ես ողջունում եմ Դաշնակցութեան ներկայացրած կէտերը, քանզի դրանք շատ յարմար պլատֆորմ են եւ կարող են հիմք հանդիսանալ, որպէսզի քաղաքական ուժերի մի լայն շրջանակ միաւորուի դրանց շուրջ: Սակայն ինձ համար անհանգստացնող է, թէ ինչ երաշխիքներ պէտք է ստեղծուեն դրանց իրականացման համար, թէ երբ կը լինի այդպիսի միաւորում: Բացի այդ՝ այն անձինք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը ցուցաբերեն, պէտք է վստահ լինեն, որ իրենցից մէկը կ՛ընտրուի արդար ճանապարհով», դիտել տուած է Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Կարապետ Ռուբինեանը:
ՀԱԿը եւս ողջունած է ՀՅԴի առաջարկած միասնական օրակարգը:
Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներ, նաեւ քաղաքագէտներ: Բոլոր ելոյթ ունեցողները նշած են, որ Դաշնակցութեան ներկայացուցած փլաթֆորմը զուրկ է նեղկուսակցական գաղափարական մօտեցումներէ, հոն չկայ ազատականութեան եւ ընկերվարութեան միջեւ բախում, այլ կայ միտում՝ երկրին կացութիւնը բարելաւելու։
Իսկ Դաշնակցական գործիչները յայտարարած են, որ հեղինակային իրաւունքի հարց չկայ, փլաթֆորմը կրնայ քննարկուիլ հետագային կայանալիք միացեալ նոր հանդիպումներու եւ խորհդակցութիւններու ընթացքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.