ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մղձաւանջը, կամ հոգեկան անրջային տառապանքը յաճախ մտրակի դերակատարութիւն կ՛ունենայ անոնց համար, որոնք անիրաւ կերպով զրկանքներու կ՛ենթարկեն իրենց նմանները:
Հին դարաշրջաններուն, յատկապէս կայսերական երկիրներու արքունիքներուն մէջ յաճախակի երեւոյթներ եղած են դաւաճանութիւն, թունաւորում, սպանութիւն եւ այլ վայրագութիւններ, նպատակ ունենալով տապալել տիրող իշխանութիւնը եւ տիրանալ գահին ու թագին:
Հայոց պատմութեան մէջ ալ կը հանդիպինք նման երեւոյթներու երբ արքայազն իշխաններ՝ հարազատ եղբայրներ, դաւադրաբար սպանութեան կը դիմեն, տիրանալու համար իրենց հօրենական գահուն:
Հռոմի պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Կոստանդին կայսրը իր եղբայրը սպաննել տուաւ, սակայն իր այդ բարբարոսութիւնը մնայուն մղձաւանջի վերածուեցաւ իրենց համար: Գիշերները քուն չունէր կայսրը, կորսնցուցած ըլլալով իր ներքին խաղաղութիւնը: Կ՛ուզէր փախչիլ անցեալէն, սակայն ո՛չ ներկային մէջ հանգիստ կ՛ընէր եւ ո՛չ ալ երազած ապագային մէջ կը յաջողէր գտնել իր անդորրը: Հազիւ փորձէր աչքերը փակել քնանալու համար, խաւարին մէջէն եղբայրը կը մօտենար եւ սառած ձեռքերով, իր արիւնով լեցուն բաժակը կը մատուցէր իրեն, ըսելով.
_ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Յատկապէս գիշերուան հանդարտութեան մէջ կրկնուող այս տեսարանէն ազատուելու համար, Կոստանդին կայսրը մինչեւ իսկ իր պալատը փոխեց, նոր պալատ ու ամրոց կառուցեց ու հոն փոխադրուեցաւ, կարծելով թէ հին բնակավայրէն հեռանալով պիտի փարատի զինք տառապեցնող մղձաւանջը: Սակայն, ի զո՜ւր: Ո՛ւր որ երթար, նոյն սահմռկեցուցիչ տեսարանը կը հալածէր զինք, եւ եղբօրը ձայնը կը լսէր, որ կÿըսէր.
_ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Եղբայրասպանութեան մասին աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ տեղեկութիւններ տրուած են մեզի, որովհետեւ արարչագործութեան մէջ ոտք դրած առաջին երկու եղբայրներուն՝ Աբէլի եւ Կայէնի դրուագը, Աբէլի սպանութեամբ կ՛աւարտի, իր իսկ եղբօր՝ Կայէնի ձեռամբ (Հմմտ Ծն 4.5-8):
Ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այդ դրուագին, իր եղբայրը սպաննած ըլլալու Կայէնի ուրացումներուն հետեւող, Աստուծոյ հեղինակաւոր խօսքն է: Կայէնին ուղղուած՝ «Ո՞ւր է եղբայրդ» հարցումը Աստուծոյ կողմէ, ճշգրիտ պատասխան չըստանար որովհետեւ ոճրագործը կը ջանայ պահել իր կատարած մարդասպանութիւնը, ու կը պատասխանէ. «Միթէ ես իմ եղբօր պահապա՞նն եմ» (Ծն 4.9): Սակայն Աստուած կ՛ըսէ. «Եղբօրդ արեան կանչը հողին մէջէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն 4.10):
Արդարութեան ձայնը խեղդելու անկարելիութեան մասին է ամբողջ դրուագը, զոր Աստուած սկիզբէն իսկ կ՛ուսուցանէ անհանդուրժող մարդկութեան, թէ՝ անկարելի է լոյսը թաքցնել, կամ արեգակին գոյութիւնը ժխտել: Նոյնպէս ալ արդարութիւնը մինչեւ իսկ հողին մէջ ներծծուած արեան ընդմէջէն կրնայ բողոքել Աստուծոյ, խնդրելով իր արդար դատաստանը կատարէ:
Մարդիկ ինչքան ալ փորձեն արդարութեան դէմ պայքարիլ, մղձաւանջը պիտի չթողու որ անիկա կորսուի հրապարակէն: Իւրաքանչիւր մարդու հոգին, իր էութեան կեդրոնական «հրապարակ»ն է: Այդ հրապարակին վրայ պիտի քաշուիս ամէն անգամ, երբ փորձես փախչիլ արդարութենէն: Շատեր կը ջանան արդարութեան զգեստները փոխել, այնպէս ինչպէս իգական սեռի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ ցանկանալով կը ցանկայ նորաձեւութեան հետ քայլ պահել, ու նոյնիսկ մի քանի անգամ հագած հագուստը մէկդի նետել՝ նորոյթը հագուելու համար: Սակայն պէտք չէ՛ մոռնալ, որ արդարութեան զգեստը մի՛շտ նորաձեւութեան հետ քայլ կը պահէ, ու երբեք չի՛ կորսցներ իր այժմէականութիւնը: Բոլոր ժամանակներուն ալ, անիկա փափաքելի՛ զգեստ է արդար մարդոց համար:
Արդարութիւնը ծաղրող հտպիտներու շատ կարելի է հանդիպիլ: Սակայն, անոնց վարմունքը ծանօթ է ամէնուս: Անոնք ամէն ինչ կը ծաղրեն, որովհետեւ ամէն ինչ կը սիրեն: Անոնց դէմքին գծանկարուած լա՜յն ժպիտը ա՛յդ կը խորհրդանշէ, թէ՝ իրենք ամէն ինչի համաձայն են, ամէն ինչ կը սիրեն: Ուրեմն, եթէ արդարութիւնը կը ծաղրեն՝ զանիկա սիրելնուն համա՛ր կը ծաղրեն…:
Աշխարհի մարդկութիւնը եթէ ուզենք երկու խումբերու վերածել, ապա պէտք է զանոնք խմբաւորենք «արդարներ» եւ «անարդարներ» դասակարգումներուն ներքեւ: Սակայն այս դասակարգումը եւ անուանումը միայն արդարներ կրնան տալ: Անարդարներ չեն անդրադառնար, թէ աշխարհի վրայ արդարներ գոյութիւն ունին: Բայց արդարներ յստակ կը տեսնեն աշխարհի վրայ կատարուող անարդարութիւնները, ու կը բողոքեն ատոնց դէմ:
Աստուած Ի՛նք է արդարութեան հանդերձին դերձակը: Ի՛նք կը կարէ զանիկա ու կը հագուեցնէ մարդուն: Սակայն, բնա՛ւ իւրաքանչիւր մարդու չափով չի՛ կարեր այդ զգեստը: Մարդը ի՛նք պէտք է յարմարի այդ հանդերձին, երբեմն նիհարնալով, երբեմն գիրնալով, որպէսզի ճիշդ կարենայ չափաւորուիլ անոր մէջ: Այսինքն՝ միշտ պէտք չէ՛ սպասել որ ամէն մարդ մեր արդար ըլլալը ճանչնայ ու յայտարարէ: Եթէ արդար ես, սակայն ամբարտաւանութեամբ «գիրցած», նիհարցի՛ր որպէսզի կարենաս հագուիլ փափաքած արդարութեանդ հագուստը: Իսկ եթէ չափազանց, ու երբեմն կե՛ղծ համեստութեամբ շա՜տ «նիհարցած» ես, գիրցի՛ր որպէսզի իրաւունքդ կարենաս պաշտպանել, եւ քու հետապնդած արդարութիւնդ մարդոց աչքին յիմարութիւն չթուի:
Արդարներուն եւ իրաւազրկուածներուն միակ ապաւէնը Աստուած Ի՛նք է, որ Իր արդարութիւնը ի գործ կը դնէ, խիղճի դուռը բախելով:
_ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Խղճահարութեան ճամբով լսուող այս ձայնը, միա՛յն Աստուած կրնայ լսելի դարձնել իրաւազրկող մարդու ականջին: Այլապէս ո՛չ ոգիներ, որ գիշերաշրջիկ ուրուականներ, եւ ո՛չ ալ առասպելական չարեր կրնար վախցնել գազանական արարքներ գործող ոճրագործները:
«Բարութեան մարզանքներ» կատարող մէկը կÿըսէր, թէ ինք իր զաւակը հեռու պահելու համար վայրագութիւններէ, անոր մանուկ տարիքէն սորվեցուցած էր ո՛չ վայրագ ժապաւէններ դիտել, եւ ո՛չ ալ զանոնք հովանաւորող ընկերութիւններու արտադրութիւններէն գնել, չքաջալերելու համար աշխարհի մէջ աճող վայրագութիւնները: Այսպիսով ան կը հաւատար մաքուր խղճմտանք պարգեւել իր ապագայ երիտասարդ զաւակին:
Իւրաքանչիւր անձ ինքնադաստիարակութեան եւ իր զաւակներու դաստիարակութեան կերպեր որդեգրած կ՛ըլլայ, ու իր փորձառութեամբ կը հասնի որոշ ճշմարտութիւններու: Այլապէս մղձաւանջը, որու հետեւանքով անքնութիւնն ու հոգեկան տագնապները ամէն մարդու կրնան պատահիլ, իսկ արեան բաժակը ձեռքին ունեցող եղբայրդ, մի՛շտ կրնայ դիմացդ ցցուիլ՝ «խմէ՛, եղբայր, խմէ՛» ողոքելով: