
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, Հենրիկ Անասեանի «Ա՛յս Եմ Ես» գիրքին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ: Հանդիսավարութիւնն ու բացման խօսքը պիտի կատարէ միութեան նախագահ Շահէ Քէօրօղլեանը, իսկ բանախօսներն են՝ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան ու բանասէր Յովսէփ Նալպանտեան:
Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ «Սիփան» երգչախումբը ու պիտի կատարուի տեսաերիզի ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, որուն հասցէն է 222 E. Harvard, Glendale:
Մուտքը ազատ է: Մերիլենտ ու Հարվըրտ փողոցներու անկիւնը գտնուող ինքնաշարժներու կանգառը երեք ժամ ձրի տրամադրուած է՝ հանրային գրադարանի կայանատոմսի վաւերացումով։