ՀԱԼԼԷԻ ՄԷՋ ԶԵՏԵՂՈՒԵԼԻՔ ԽԱՉՔԱՐԻՆ ՎՐԱՅ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՌԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԱՆՓՈՓՈԽ
Գերմանական Հալլէ քաղաքի հայ համայնքը ստորագրահաւաքի մը նախաձեռնած է ընդդէմ քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնաժողովին որոշումին: Խնդիրը այն է, որ Հալլէի քաղաքապետուհի Տակմար Շապատոս նախապէս իր համաձայնութիւնը
տուած էր հայ համայնքին քաղաքին մէջ 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին խաչքար մը զետեղելու վերաբերեալ:
Խաչքարի բացումը պիտի կատարուի Եղեռնի 100ամեակին՝ 2015ին: Անոր ձեւանմոյշին վրայ ի սկզբանէ գրուած էր «Ցեղասպանութիւն» բառը: Սակայն, Հալլէի քաղաքապետարանին մշակոյթի յանձնաժողովը առաջարկած է զայն փոխարինել «ջարդեր եւ տեղահանութիւն» բառերով՝ մատնացոյց ընելով Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ 2005ին այդ հարցին վերաբերեալ ընդունած բանաձեւը: Հալլէի Հայերը, իրենց կարգին, կը պնդեն, որ խաչքարին վրայ «ցեղասպանութիւն» բառին առկայութիւնը՝ ոչ մէկ իրաւական պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ քաղաքի ղեկավարութեան եւ կամ առաւել եւս մշակութային յանձնաժողովին համար: Գերմանահայոց այս ստորագրահաւաքին կարելի է մասնակցիլ http://www.aga-online.org/alert/detail.php?locale=de&alertId=5 ելեկտրոնային հասցէին մէջ արձանագրելով ձեր անունը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Յիշեցնենք, որ Գերմանահայոց՝ նման նախաձեռնութիւնները արդէն իսկ քանի մը անգամ յաջողած են. մասնաւորաբար՝ այն ժամանակ, երբ անոնք բողոքեցին Մաննհայմ քաղաքին մէկ հատուածը «Թրքական զանգուած» վերանուանելու որոշումին դէմ: