ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի մնայուն յանձնաժողովի անդամները, 9-11 Նոյեմբերին արտակարգ նիստ գումարած է Շուշիի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան նորակառոյց շէնքին մէջ: 13 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս առնչութեամբ խօսած է յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեանը, մասնակից էր արտակարգ նիստին։
Նիստին ընթացքին քննարկուած են օրակարգային երկու հարցեր՝ մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառին մէջ բարեփոխումները՝ ունենալով երկու երկիրներու հզօրացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման նախապայմանով: «ԼՂՀն ներգրաւուած չէ մի շարք գործընթացներում՝ ինքնորոշման առումով: Ես կարծում եմ, որ մշակոյթը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն կարող է ունենալ մեզ համար», յայտնած է Դաւթեանը: Հայաստանցի եւ արցախցի խորհրդարանականները ստորագրած են 9 կէտերէ բաղկացած յուշագիր մը, որուն մէջ ներառուած են կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ կայանալիք միացեալ գործունէութեան ծրագրային դրոյթները: Դաւթեանի համաձայն, յուշագիրը պիտի ըլլայ այն ուղենիշը, որուն շուրջ պիտի համախմբուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանականները՝ իրականացնելու կարգ մը կարեւոր ծրագիրներ:
Խորհրդարանականները այցելած են նաեւ տեղւոյն զօրամասը, ճաշած են զինուորներուն հետ, ծանօթացած են անոնց առօրեային:
Յանձնաժողովի նախագահին համաձայն, Արցախի մէջ հիմնական խնդիրը այն է, որ հոգատարութեան կարիք կայ տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, կարեւոր է նաեւ, որ Արցախի մշակոյթը աշխարհով մէկ տարածուի: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Կարինէ Աճեմեանը, որ նաեւ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր, ընդգծած է, թէ Հայաստանի գործադիր իշխանութիւնը պէտք է Արցախը աշխարհին ներկայացնէ յաւուր պատշաճի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.