ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթոիկոսարանի դիւանի փոխամցած մէկ տեղեկատուութիւնը կը յայտնէ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին համար, վարչական փորձառութեան ու նուիրեալ ծառայութեան կողքին միաբան հայրերու համալսարանական ուսումը կենսական է:
«Այս համոզումէն մեկնած վեհափառը կը շարունակէ քաջալերել ու լայն կարելիութիւններ ստեղծել երիտասարդ միաբաններուն, որպէսզի անոնք առաւելագոյն չափով տիրանան բարձրագոյն ուսման: Ինչպէս անցեալին, այս շրջանին եւս շարք մը միաբաններ կը հետեւին համալսարանական ուսման», կ՛ըսուի վերոնշեալ տեղեկատուութեան մէջ:
Համալսարանական ուսման հետեւող միաբաններն են՝ Սահակ վրդ. Եմիշեան, որ կը յաճախէ Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարանը (Յունաստան), Գեղարդ վրդ. Օնթարիոյի Մեք Մասթըր համալսարանը (Գանատա), Հրանդ աբղ. Թահանեան Վենքուվըրի աստուածաբանական համալսարանը (Գանատա), Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան Քասլիքի համալսարանը (Լիբանան): Նաեւ լեզուական յատուկ դասընթացքներու կը հետեւին հետեւեալ միաբանները՝ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, Մասիս վրդ. Զօպույեան, Ղեւոնդ վրդ. Բէնդէզեան, եւ Պետրոս աբղ. Մանուէլեան՝ անգլերէն դասընթացքի, Արտակ աբղ. Արապեան՝ գերմաներէնի, իսկ Վարդան աբղ. Թաշճեան՝ ֆրանսերէնի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.