Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
6. Echinacea
Անիկա վայրի ծաղիկ մըն է եւ կ՛աճի հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Անիկա կը գրգռէ մարմինի դիմադրողականութիւնը եւ օգտակար է հարբուխէ տառապողներուն եւ մորթային վէրքեր ունեցողներուն:
Անիկա կրնայ յառաջացնել գլ-խապտոյտ, յոգնածութիւն եւ գլխացաւ:
Այս ծաղիկը բնաւ պէտք չէ գործածուի թոքախտէ եւ նեարդային համակարգի Multiple sclerosis կոչուած հիւանդութենէ տառապող հիւանդներու կողմէ:
7. Կուսախոտ-ոսկէ ծաղիկ (feverfew)
Անիկա մացառային խոտ մըն է եւ կը գործածուի անգարի (migrain), դաշտանի ցաւերուն, շնչահեղձութեան (dyspnea) եւ յօդացաւի դէմ:
Անիկա կրնայ յառաջացնել բերանի խոցեր եւ մորթի բորբոքումներ: Յղի կիներ պէտք չէ գործածեն այս խոտը:
8. Ձկան իւղ (fish oil)
Ձկան իւղը կը գործածուի սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններու եւ զարկերակային (arterial) խցումներու պարագային: Ձկան իւղը կը նուազեցնէ արեան triglyceride-ի քանակը եւ զարկերակային ճնշումը:
Անիկա կրնայ յառաջացնել նողկանք (nausea), փսխունք եւ փորհարութիւն:
9. Սխտոր
Սխտորը օգտակար է զարկերակային գերճնշում, արեան բարձր շաքար եւ ճարպ ունեցող անհատներուն, ինչպէս նաեւ խռչափողի, ստամոքսի եւ հաստ աղիքի քաղձկեղէ տառապող հիւանդներուն:
Սխտորը կրնայ ստեղծել շնչառական եւ բերանի գարշելի հոտ, ինչպէս նաեւ բերանի, ստամոքսի եւ որկորի (esophagus) այրուածք:
10. Կոճապղպեղ (ginger).
Կոճապղպեղը կը գործածուի փսխունքի եւ նողկանքի դէմ մասնաւորաբար յղութեան եւ ճամբորդութեան ընթացքին:
Կոճապղպեղը կրնայ յառաջացնել ստամոքսա-աղիքային արիւնահոսութիւն:
11. Ginkgo
Անիկա տեսակ մըն է ծառի, որ առաւելաբար կը գտնուի Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ: Անիկա կ՛օգնէ սրունքներու զարկերակներու ընդհատուն խցումային ցաւին (intermittent claudication), մոռացութեան, գլխապտոյտին, գլխացաւին, ականջաբզզիւնին (tinnitus), ճնշուածութեան եւ առնանդամի թուլութեան:
Անիկա կրնայ յառաջացնել արագ սիրտի զարկ:
12. Գետնակաղին (ginseng)
Գետնակաղինը կը նուազեցնէ արեան շաքարի քանակը, կը բարձրացնէ արեան բարձր խտութեամբ ճարպաբնասպիտը, (HDL) եւ բնասպիտը, կը կը գրգռէ դիմադրողականութիւնը եւ կը զօրացնէ սիրտը: Անիկա ունի հակախլիրդային ազդեցութիւն:
Գետնակաղինը կրնայ յառաջացնել ջղագրգռութիւն, կեդրոնացումի նուազեցում, շնչահեղձութիւն, զարկերակային գերճնշում, եւ սիրտի զարկերուն բարձրացում: Յղի կիներ բնաւ պէտք չէ գործածեն զայն:
13. Glucosamin
Անիկա կ՛արտահանուի կարիտոսէ (shrimp), ուստրէ (oyster) եւ խեցգետինէ (crab): Օգտակար է յօդացաւի, ծունկի ցաւի:
Կրնայ յառաջացնել գերզգայնութիւն, անմարսողութիւն, յոգնութիւն, անքնութիւն եւ գլխացաւ:
14. Ոսկետակռիճ (goldenseal)
Անիկա բոյս մըն է եւ կ՛օգտագործուի որպէս հականեխիչ՝ բերնի վէրքերու, աչքի, մորթի, եւ հեշտոցի (vagina) մաքրութեան համար: Անիկա կ՛օգնէ նաեւ փորհարութեան եւ անմարսողութեան:
Անոր բարդութիւններն են՝ նողկանք, անձկութիւն, արգանդի պրկում եւ նորածիններու դեղնութիւն:
15. Կանաչ թէյ
Անիկա կը պարունակէ caffeine: Կանաչ թէյը կ՛օգտագործուի հետեւեալ պարագաներուն՝ զարկերակային գերճնշում, սրտանօթային հիւանդութիւններ, մոռացութիւն, յօդացաւ, դաշտանադադարի ցաւ, եւ տարեցներու երկարակեցութիւն:
Կանաչ թէյը կրնայ յառաջացնել կողմնակի ախտանշաններ՝ մարմնական մկանային ցնցումներ, անքնութիւն, անձկութիւն, արագ սրտի զարկ եւ ձեռքերու դող-թրթռացում:
16. Kava
Անիկա պղպեղի տեսակ մըն է: Կը խմուի թէյի նման. Kava-ն կ՛օգնէ անքնութեան եւ անձկութեան:
Անոր կողմնակի ախտանշաններն են՝ մոռացկոտութիւն եւ լեարդի փճացում (liver cirrhosis):
17. Melatonine
Անիկա կ՛արտադրուի բնականօրէն մակուղեղին մէջ (pineal body): Անիկա կը պատրաստուի նաեւ արհեստականօրէն շուկայի սպառումին համար: Melatonine-ը կը կանոնաւորէ քունի բնական կշռոյթը (rhythm): Անիկա առաւելաբար կը գործածուի ճամբորդութեան ընթացքին՝ կանոնաւորելու համար ճամբոդութենէ ետք պատահած քունի խանգարումը:
Անոր կողմնակի բարդութիւններն են՝ գլխապտոյտ, գլխացաւ եւ ընկճուածութիւն:
18. Կաթնեկքան (milk thistle)
Անիկա կ՛արտահանուի մանիշակագոյն ծաղիկներով բոյսէ մը: Կաթնեկքանը օգտակար է լեարդի հիւանդութիւններուն:
Անիկա կրնայ խանգարել շաքարախտի դեղերուն ազդեցութիւնը:
19. Saw palmetto
Անիկա արմաւէնիի տեսակ մըն է: Օգտակար է շաքանակագեղձի ծաւալումին դէմ եւ անոր ախտանշաններուն:
Անիկա կրնայ յառաջացնել փորհարութիւն եւ գլխացաւ:
20. Վայրի սմբուլ (valerian)
Անիկա խոտաբոյս մըն է, որ ունի հանդարտեցուցիչ եւ քնաբեր յատկութիւններ:
21. Zinc
Անկա կ՛արտահանուի հացահատիկներէ, ոստրէ եւ կովու ոսկորներէ. Zinc-ը օգտակար է հարբուխի եւ աչքի չորութեան:
(Շար. 2 եւ վերջ)