
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ.- Աղեքսանդրիոյ գրադարանին մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Եգիպտահայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի նուիրուած դասախօսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ գրադարանի տնօրէն Իսմաիլ Սերակել Տինի, մեծ ընդունելութիւն ունեցաւ շուրջ 250 ներկաներուն կողմէ:
Սարուխանի կեանքին ու գործունէութեան մասին խօսեցան Կարօ Ներետեան, որ ներկայացուց անոր նախայեղափոխական գործերը՝ 19451952, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ Հրանդ Քէշիշեան, որ երգիծանկարիչի եւ արուեստագէտի կեանքի 3 շրջանները համառօտ կերպով ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ անոր գործերուն մասին՝ արուեստի տեսանկիւնէն:
«Սարուխան մեծ պատմութիւն է, ան վերջ չունի, անոր արուեստի մասին անընդհատ կարելի է խօսիլ: Ան նոր դուռ բացած է շատ մը երգիծանկարիչներու համար եւ մինչեւ օրս ալ կը մնայ դասական օրինակ բոլոր անոնց համար, որոնք նոր կ՛ուսումնասիրեն արուեստի այդ ճիւղը», ըսաւ Քէշիշեան:
Գրադարանի ներկայացուցիչներէն ներկայ էին Լամիա Ապտել Ֆաթթահ, Ռանիա Կալաուի եւ Մոաթազ Ռաղեպ, որ Սարուխանի մասին պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմի բեմադրիչն է: Ռաղեպ ներկայացուց եւ ցուցադրեց ֆիլմը, որ ըստ Քէշիշեանի՝ «որոշ սխալներ կը պարունակէ փաստերու տեսանկիւնէն, սակայն ընդհանուր առմամբ յաջող ֆիլմ է»:
«1920ականներու սկիզբը Պոլսոյ մէջ անոր նկարածներէն մի քանի նկար գտանք եւ ցուցադրեցինք, սակայն հոն դեռ Սարուխանը Սարուխան չէր, դեռ իր ոճը չ՛ունէր», յայտնեց Քէշիշեան:
Երգիծանկարը ընդհանրապէս սահմանափակ է ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, սակայն «Սարուխան եգիպտացի, հայ եւ համաշխարհային պատմական դէմքերու եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին վերաբերող ունի աւելի քան 1500 նկարներ, որոնք իր արուեստի գագաթնակէտն են»:
Ալեքսանտր Սարուխան ծնած է 1898ին Թուրքիոյ Արտանուջ աւանը: Աւարտած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը ապա Վիեննայի Գեղարուեստի ակադեմիոյ «կրաֆիք»ի բաժինը: 1924ին հաստատուած է Գահիրէ, ուր նաեւ դասաւանդած է Գալուստեան Ազգային վարժարանէն ներս: 1941ին հիմնած է «Հայ մշակոյթի բարեկամներ» միութիւնը: Սարուխան պատկերազարդած է Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» երկերը:
Ան արժանացած է միջազգային մրցանակներու, 1960ին պարգեւատրուած է Ամերիկեան երգիծանկարիչներու յանձնաժողովի «Երգիծանկարներ խաղաղութեան համար» շքանշանով: Ալեքսանտր Սարուխան մահացած է 1977ին՝ Գահիրէ: